2016-03-26 08:54:00

Յարուցեալ Քրիստոս՝ Կեանքի Դուռը. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Զատկուան պատգամը


Հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներէն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Արեւագալի ժամերգութեան յատուկ իր յօրինած յորդորակին մէջ Քրիստոսը կը ներկայացնէ որպէս Կեանքի Դուռը։

Արդարեւ, իր ապրած մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքով մարդը մոռցած էր կեանքի ճշմարիտ աղբիւրը՝ Աստուած։

Աշխարհի փառքով ու հաճոյքով իր կեանքը լեցուցած մարդը մոռցած էր կեանքի պարգեւիչը՝ Աստուած։
Իր կեանքին իմաստն ու նպատակը իր անձը միայն նկատող մարդը մոռցած էր թէ՝ իր կեանքին սեփականատէրը ինք չէ, այլ՝ Աստուած. եւ թէ՝ հարկ է աստուածատուր կեանքը ապրիլ աստուածահաճոյ նպատակներու համար։

Հետեւաբար,

Առաջին մարդուն՝ Ադամին գործած մեղքին հետեւանքով մարդուն առջեւ փակ էր կեանքի ճշմարիտ դուռը։
Մեղքով շաղախուած իր կեանքին պատճառաւ մարդուն առջեւ փակ էր դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող դուռը։

Սակայն, տիեզերքին ու մարդուն Արարիչը, ինչպէս Աստուածաշունչը կը հաստատէ, չլքեց իր արարածը։
Աստուած ինքզինք յայտնեց՝ Իրմէ հեռացած ու իր կեանքը մեղքերով ապականած մարդուն։
Աստուած ինքզինք յայտնեց՝ ճշմարիտ կեանքի աղբիւրէն հեռացած ու մահուան տիղմին մէջ խրած մարդուն։
Աստուած ինքզինք յայտնեց՝ որովհետեւ սիրե՛ց մարդը, իր պատկերով ստեղծած եւ իր ստեղծագործութեան պահապանը ըլլալու կոչուած մարդը։ Աւետարանի վկայութեամբ, Աստուած այնքա՜ն սիրեց մարդը, որ նո՛յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ (Յհ 3.16)։ Հայ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ յաճախակի առիթներով երգուած «Սուրբ Աստուած» տաղը կը յիշեցնէ մեզի թէ՝ Աստուծոյ Որդին մեզի՛ համար ծնաւ. մեզի՛ համար իր արիւնը թափեց ու իր հրաշափառ յարութեամբ մեզի յաւիտենական կեանք պարգեւեց։

Այո՛, Աստուած իր մարդեղացեալ Որդւոյն ճամբով ինչ որ ըրաւ մեզի՛ համար ըրաւ, որովհետեւ «կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ», որովհետեւ «ուզեց որ մենք իր նոր ստեղծագործութեան պտուղները ըլլանք» (Յկ 1.18)։ Քրիստոսի մարդեղութեամբ մարդը, ինչպէս ողջ ստեղծագործութիւնը, վերստեղծուեցաւ։ Քրիստոսի արիւնով մեղքը սրբուեցաւ։ Քրիստոսի թաղումով մահը թաղուեցաւ, Քրիստոսի մահով հին մարդը մահացաւ։ Քրիստոսի յարութեամբ աստուածատուր կեանքը վերահաստատուեցաւ։

Քրիստոսի յարութիւնը աստուածակեդրոն կեանքի յաղթանակն է մարդակեդրոն կեանքին դէմ։
Քրիստոսի յարութիւնը կեանքի յաղթանակն է մահուան դէմ։

Քրիստոսի յարութիւնը նոր մարդուն ու նոր աշխարհին ծնունդն է։
Արդ, Քրիստոսի յարութիւնը երկնային հրաւէր մըն է՝ դառնալու կեանքի ճշմարիտ աղբիւրին։

Սիրելի՛ հայորդիներ, յաւիտենական կեանքի յաղթանակով օծուն այս օրերուն, եկէք դառնանք յարուցեալ Քրիստոսի։ Յիշենք Քրիստոսի հետ անմիջական հաղորդութեան մէջ ապրած ու անոր կենսաւորիչ ներկայութեամբը վերանորոգուած սրբազան առաքեալներուն վկայութիւնը թէ՝ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (Եփ 2.5) եւ հետեւաբար, մեզի համար «կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ 1.21)։

Քրիստոս իր խաչի զօրութեամբ ու յարութեան յաղթանակով խորտակեց մահուան դուռը ու մեր առջեւ բացաւ ճշմարիտ կեանքի դուռը։ Ա՛յս է Աւետարանին պատգամը։ Ա՛յս է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը։
Դիտենք մեր շուրջը։ Նորանոր գիւտերով ու հրաշալիքներով լեցուն ներկայ աշխարհը մեր առջեւ բացած է այլազան ու բազմազան դռներ՝ որոնք մեզ կ’առաջնորդեն դէպի հաճոյքով ու փառքով պարուրուած, ինչպէս նաեւ փտտածութեան ու բռնութեան մեղքերու շղարշով պատուած կեանք…։

Ո՞ւր է, ո՞վ է քրիստոնեայ մարդուն ճշմարիտ դուռը։ Մեզ շրջապատող ահաւոր մեղքերուն ու սարսափազդու չարիքներուն դիմաց, ո՞ւր է, ո՞վ է քրիստոնեայ մարդու կեանքի փրկարար դուռը։

Հաւատքի քաջութիւնը ունի՞նք ըսելու՝ «մեղայ Աստուծոյ» ու դառնալու մեր մեղքերը սրբելու պատրաստ Քրիստոսին՝ Կեանքի Դուռին։

Հաւատքի քաջութիւնը ունի՞նք «ո՛չ» ըսելու մեր առջեւ բացուած հրապուրիչ սակայն հոգեպէս, բարոյապէս ու ֆիզիքապէս քանդիչ դռներուն ու դառնալու Քրիստոսին՝ Կեանքի Դուռին։

Ինչպէս հայրը իր անառակ որդին գրկաբաց ընդունեց, այնպէս ալ Քրիստոս պատրաստ է մեզ ընդունելու։
Հետեւաբար, եկէք, սիրելի՛ հայորդիներ, հաւատքով հզօրացած ու յոյսով լեցուած խնդրենք իր հրաշափառ յարութեամբ մեզի յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոսէն՝ բա՛ց մեզ Տէր, բա՛ց մեզ Տէր, դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող դուռը, որովհետեւ դո՛ւն ես մեր կեանքի ճշմարիտ դուռը։

*
* *
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն՝ ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններով լեցուն ծառայութիւն՝ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդին։
Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած իրենց կեանքը ապրին մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ
27 Մարտ 2016
Անթիլիաս, Լիբանան








All the contents on this site are copyrighted ©.