2016-03-26 08:14:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Զատկուան պատգամը։


«Եթէ յարութիւն առած չըլլար…»

Երկու հազար տարիէ ի վեր կ՛աւետենք եւ կը յիշատակենք դէպք մը, որուն նմանը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ. Քրիստոսի յարութիւնը: Այդ դէպքը սակայն լոկ յիշատակութիւն չէ, որեւէ այլ պատմական դէպքի նման` օր մը պատահած եւ ապա անհետացած անցեալի մշուշին կամ պատմութեան էջերուն մէջ: Յարութիւնը ոգեկոչո՛ւմն է վերապրումին անձի մը, որ եկած է աշխարհ` ապրելու, մեռնելու եւ ապա վերապրելու համար կեանք մը, որ այսուհետեւ մահ պիտի չճանչնայ:

Քրիստոս իր կեանքին սկիզբէն գիտակից էր եւ կամակից իր Հօր` որ մահը ճաշակէ, ամէն մարդու նման, հակառակ անոր որ Աստուծոյ Որդի է: Սակայն ան եկաւ ո՛չ թէ մահուան ենթարկուելու կամ անկէ պարտուելու, այլ իր մահով մահը յաղթահարելու, նաեւ քաւելով մեղքը առաջին մարդուն, որ Աստուծոյ հրամանը զեղծանելով, ինքզինք մահկանացու դարձուց: Միայն աստուածային արարք մը կրնար սրբել այդ մահաբեր բիծը, որ ամբողջ մարդկային սերունդին դատապարտութեան պատճառ դարձաւ:

Քրիստոս երեք տարի միայն ապրեցաւ մարդոց միջեւ: Մարդկային դատումով` այդ քիչ էր նոր վարդապետութիւն մը հիմնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար, մանաւանդ ժողովուրդի մը կողմէ, որ իր նախապաշարումներով ու կարճամտութեամբ անթափանց էր որեւէ՛ նոր կրօնի, որ կրնար վերջ դնել կարծուած մենաշնորհի մը` Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն ըլլալու:

Հրեայ ժոողվուրդին մեսիական սխալ ըմբռնումը հիմնովին ցնցելու եւ յեղաշրջելու պաշտօնը վիճակուեցաւ, անիմանալի կերպով, Քրիստոսի ոխերիմ մէկ թշնամիին, որ քրիստոնեաներու անողոք հալածիչը եղած էր. Սաւուղը, փարիսեցիի զաւակ, որ ապա դարձաւ Պօղոս: Ան չէր ճանչցած Քրիստոսը անոր կենդանութեան. ճանչցաւ զայն` յետ շանթահարուելու Աստուծոյ լոյսէն, Դամասկոսի ճամբուն վրայ: Քրիստոնեաները հալածելու առաքելութեամբ լիազօրուած եւ այդ ծրագիրով ճամբայ ելած` դարձաւ յանկարծ մեծագոյն ջատագովը Քրիստոսի, անոր փրկագործ մահուան եւ յարութեան, ուստի եւ անոր աստուածային բնութեան:

Յախուռն առաքեալ դարձած Պօղոսը, արիաբար, ի դէմս հրեային եւ հեթանոսին, հռչակեց Յիսուսի յարութիւնը` զայն որակելով ո՛չ միայն հրաշալի ու եզակի դէպք մը, այլ հիմն ու մեկնակէտը մեր հաւատքին, աղբիւրը մեր յոյսին եւ գրաւականը մեր փրկութեան: Ան չվարանեցաւ քարոզելու` թէ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքն ու յոյսը ցնորքի պիտի վերածուէին ու ցնդէին երազի նման: Ահա` իր դաւանանքը, ուղղուած նորադարձ կորնթացիներուն. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, ընդունայն պիտի ըլլար մեր քարոզութիւնը, ուստի ընդունայն` նաեւ մեր հաւատքը» (Ա. Կրն. 15, 14): Այլ խօսքով` պիտի դադրէինք հաւատալէ Քրիստոսի աստուածութեան, խաբկանք պիտի համարէինք իր վարդապետութիւնը, պիտի մերժէինք ընդունիլ զայն իբրեւ աշխարհի սպասուած Փրկիչը: Մէկ խօսքով, քրիստոնէական կրօնը պիտի վերածուէր մոռցուած առասպելի մը:

Պօղոս, դե՛ռ աւելի հաստատելու համար իր համոզումը, պատրաստ է նոյնիսկ ինքզի՛նք դատապարտելու, եթէ երբեք ի յայտ գայ, թէ իր քարոզածը սուտի վրայ հիմնուած է. «Մենք Աստուծոյ սո՛ւտ վկաներ պիտի հանդիսանանք, քանի որ կը վկայենք Աստուծո՛յ դէմ` ըսելով, թէ ան Քրիստոսը յարոյց, մինչդեռ չէ՛ յարուցած: Սոսկալի գրաւ մը, զոր Պօղոս պիտի չհամարձակէր ընել, եթէ բացարձակ ստուգութիւն չունենար, թէ իրեն համար յարութիւնը անհերքելի իրողութիւն է:

Իսկ մենք, այսօր, Պօղոսի հաւատակիցներս, անդրդուելի հաւատքով կը հաւատանք, թէ յարութիւնը առասպել չէ, այլ պատմական ստոյգ իրողութիւն, որուն վաւերականութիւնը հաստատելու համար, առաքեալները եւ անոնց յաջորդներէն բիւրաւորներ` իրենց արիւնը զոհեցին, վկայելու համար, թէ ուրուականի մը հաւատալով, անոր վրայ չեն դրած իրենց վստահութիւնը, այլ` Աստուծոյ Որդիին, որ մեզ փրկելու համար չգոհացաւ մարդ ըլլալ, այլ կամովին նուաստացաւ եւ ուզեց մեռնիլ, երեք օր ետք կրկին կեանք ստանալու համար իր Հօրմէն: Կը հաւատանք հրեշտակին, որ Յիսուսի մարմինը փնտռողներուն ըսաւ. «Մի՛ փնտռէք զինք գերեզմանին մէջ. հոս չէ՛, յարութի՛ւն առաւ:

Ահա՛ բարի լուրը, որ հասաւ մեզի եւ պիտի փոխանցուի դարէ-դար եւ սերունդէ-սերունդ, ցկատարած աշխարհի: Մեզի կը մնայ ստանձնել աւանդը եւ դառնալ անոր վկաները, միացած` աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն: Ա՛յդ կ՛ընեն այսօր բոլոր անոնք, որոնք յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, Քրիստոսը կը դաւանին ի գին իրենց արեան: Մեր մտածումը բնականաբար կ՛երթայ այդ անթիւ անմեղներուն, որոնց միակ յանցանքը Քրիստոսի հաւատարիմ մնալն է, եւ որոնք այս զատկական օրերը կ՛ապրին իրենց յարկերէն հեռու, ենթակայ` անտանելի զրկումներու, վախի, անօթութեան, ի դիմաց անստոյգ ապագայի` զոհ երթալով խիղճէ եւ արդարութեան զգացումէն զուրկ ղեկավարներու:

Մեր սրտագին աղօթքն է նաեւ, մանաւանդ ա՛յս օրերուս, որ մեր այս սիրելի երկիրը` Լիբանանը, օր առաջ դուրս ելլէ անկայուն ու տագնապալի վիճակէն, որուն դատապարտուած է կարգ մը մարդոց անտարբերութեան ու անձնասիրութեան հետեւանքով:

Կ՛աղօթենք յատուկ կերպով մեր մայր հայրենիքին բարօր ու երջանիկ ապագային համար` հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը անոր ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին վրայ:

Սիրելինե՛ր, Զատիկը անցքն է Քրիստոսին` մահէն դէպի կեանք: Մեր կեանքը եւս կազմուած է անցքերէ. գլխաւորաբար անցք` մեղքի հոգեւոր մահէն դէպի անանց կեանք եւ գերութենէն` ազատագրում: Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ ազատագրուիլ շատ մը կապանքներէ, որոնք կը կոչուին դրամապաշտութիւն, հեշտասիրութիւն, սուտ ու կեղծիք, անիրաւութիւն, ոխ ու ատելութիւն: Մենք մաքրուա՛ծ ենք մկրտութեան խորհուրդով, մաքրութիւն, զոր ստէպ կը կորսնցնենք հեռու ապրելով Աստուծոյ շնորհքէն: Մեզի կ՛իյնայ, ջանք ընելով, մաքրուիլ հոգեպէս եւ տեւապէս, մանաւանդ այս զատկական տօներուն եւ շնորհքի յոբելենական տարուան ընթացքին, որ նուիրուած է ողորմութեան, եւ մեզի կը ներկայացնէ պատեհութիւնը` հաշտուելու Աստուծոյ եւ մարդոց հետ:

Սիրելինե՛ր, մեղքի գերութիւնը յոռեգո՛յն գերութիւնն է: Թօթափենք մեր վրայէն անոր շղթաները, որոնք մեզ չարին ստրուկ կը դարձնեն եւ շնորհազուրկ կ՛ընեն:

Թող այս Ս. Զատիկը ըլլայ մեր զարթնումի նոր հանգրուանը դէպի ազատութիւն, վերածնունդ եւ նոր յոյս: Կեանքը, որ բխեցաւ Յիսուսի գերեզմանէն, թող միացնէ մեզ յարուցեալ Քրիստոսին, որպէսզի իրաւունքն ունենանք անոր յաւիտենական կեանքին ու փառքին բաժնեկից դառնալու:

Քրիստոս Յարեա՛ւ ի մեռելոց: Ճշմարտապէ՛ս Յարեաւ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ








All the contents on this site are copyrighted ©.