2016-03-26 09:03:00

Աւագ Ուրբաթ օրուան արարողութիւնը Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։


Աւագ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց կարգը եւ Թաղման թափօրը` նախագահութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողորդապետ Պերճ վրդ. Սապէի, փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, Խաչիկ վրդ. Գոյումճեանի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Թաղման արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ «Լոյս զուարթ» շարականը, ապա սպասաւորը խնկարկեց եկեղեցւոյ խորաններն ու հաւատացեալ ժողովուրդը: Խաչեալ Յիսուսին դիմաց հոգեւորականները եւ սպասաւորները ծնրադիր երգեցին «Սուրբ Աստուած» շարականը:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան Քրիստոսի թաղման առիթով իր տուած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս յաղթանակ է: Անոր համար ծրագրուած էր մեռնիլ մեր մեղքերուն եւ փրկութեան համար ու ապրիլ յաղթանակով չարին ու մեղքին դէմ պայքարելով: Ան ըսաւ. «Երբ հետեւինք Քրիստոսի խաչի ճանապարհին, հաստատաբար դուրս պիտի գանք յաղթական, մեր կեանքը եւ քրիստոնէական կենսակերպը պիտի փոխուին»:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան մաղթեց, որ խաչը մեզի համար ըլլայ սիրելի եւ թանկագին պատկերը այն կեանքին, որուն պիտի ձգտինք եւ որուն մէջ պիտի գտնենք մեր հոգեկան եւ հոգեւոր հանգիստը: Ան կոչ ուղղեց հայեացքները ուղղելու խաչին` թափանցելու համար անոր նշանակութեան եւ անկէ ստանալու այն ուժը, որմէ կը բխի հաւատացեալին մխիթարութիւնն ու հանգիստը: Ապա իր խօսքը եզրափակեց աղօթելով, որ Քրիստոս օգնէ բոլորին, որպէսզի խաղաղ եւ հանգիստ քալեն դէպի յաղթանակի եւ ազատութեան գագաթը, ուր յարուցեալ Քրիստոսին հետ կարենան տօնել իսկական յաղթանակը:

Արարողութիւնը շարունակուեցաւ: Կատարուեցան ընթերցումներ Աւետարանէն, որմէ ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ. Սապէ բարձրացաւ խորան ու երկիւղածութեամբ վար առաւ խաչեալ Յիսուսը, ապա ընթացք առաւ թաղման թափօրը: Հաւատացեալ բազմութիւնը քալեց թափօրին հետ` շրջելով Պուրճ Համուտի թաղամասերէն եւ վերադառնալով եկեղեցի, որմէ ետք հոգեւորականները խաչեալ Յիսուսը զետեղեցին խորհրդանշական գերեզմանին մէջ: Աւարտին հոգեւորականները եւ դպիրները երգեցին «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը, ապա` Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով վերջ գտաւ արարողութիւնը: Աւանդութեան համաձայն բոլոր հաւատացեալները անցան Քրիստոսի դագաղին տակէն:

Քաղուած ԱԶԴԱԿ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.