2016-03-25 20:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Աւագ Ուրբաթ օրուայ առթիւ հրատարակած թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 25 Մարտ 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց երկու թուիթներ որոնց ընդմէջէն արտայայտեց Աւագ Ուրբաթ օրուայ նշանակութիւնը` Յիսուսի մեր մեղքերու թողութեան ու մեր փրկութեան համար զոհաբերումը խաչին վրայ։

Առաջին թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց. ''Դրոշմէ Տէր` մեր սրտերուն մէջ, հաւատքի, յոյսի, սիրոյ ու մեր մեղքերու ցաւի զգացումները''։ Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ գրեց. ''Յիսուսի Խաչը այն Խօսքն է որով Աստուած պատասխանեց աշխարհի չարիքին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.