2016-03-25 09:33:00

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք կատարեց ոնտլուայի արարողութիւնը


Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Արարողութիւնը հանդիսապետեց եւ Ոտնլուան կատարեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` մասնակցութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ  Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, փոխժողովրդապետ  Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներով սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը, որմէ ետք տասներկու մանուկներ ու պատանիներ` խորանին երկու կողմերը իրենց տեղը գրաւելով, շրջապատեցին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ խաչով եւ Աւետարանով օրհնեց սեղանին վրայ զետեղուած ջուրը, ապա` ղենջակը կապելով մէջքին, լուաց մանուկներուն ոտքերը:

Ոտնլուայի արարողութենէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը տուաւ իր պատգամը: Ան, ակնարկելով Աւագ շաբթուան հոգեպարար եւ յուզումնալից արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու կարեւորութեան, ըսաւ, թէ  Աստուծոյ միածին Որդին խոնարհեցաւ իր առաքեալներուն առջեւ, անոնց ոտքերը լուաց, սրբեց եւ տուաւ նոր պատուիրանը. «Զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի ու պիտի սիրեմ, երբ խաչին վրայ արիւնս թափեմ»: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ միայն ոտքերը լուալով չենք կրնար հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, այլ պէտք է մեր եղբայրը սիրենք ցմահ, պէտք է ուրանանք մենք զմեզ, որպէսզի մեր եղբօր ամէն տեսակի բարիք պարգեւենք: Աստուած մեր մասին մտածեց,  մեզ սիրեց, գոյութեան կանչեց, մեզ իբրեւ իր որդիները որդեգրեց եւ հրաւիրեց երկինքի արքայութեան. եթէ կ՛ուզենք սիրել Աստուած, պէտք է սիրենք մեր եղբայրը, եթէ չսիրենք մեր եղբայրը, կը նշանակէ, որ սուտ ենք, եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր սրտին մէջ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` անդրադառնալով մեր եղբայրներուն կատարած չարիքներուն, ըսաւ, թէ անոնք կը մնան Աստուծոյ որդիները, որոնց համար Քրիստոս մեռաւ: Ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս մէկուկէս միլիոն նահատակներ զոհուեցան, որովհետեւ կը հաւատային, ներկայիս հազարաւորներ կը գլխատուին, կը սպաննուին, որովհետեւ կ՛ուզեն հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին, Աստուծոյ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պատգամէն ետք Ս. պատարագը շարունակուեցաւ եւ բոլոր հաւատացեալները հաղորդուեցան Քրիստոսի մարմինով ու արիւնով:

Յաւարտ Ոտնլուայի կարգին, մասնակցող տասներկու մանուկները ստացան յիշատակի նուէրներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.