2016-03-25 09:47:00

«Կը յուսանք որ Պետութիւնը կարենայ ապահովել բանտերուն բոլոր կարիքները» Ռայի Պատրիարք


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ին,  Ռումիէի բանտին մէջ կատարեց Ոտնլուայի կարգը, որուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ հոգալ լիբանանեան բանտերուն բոլոր կարիքները` ըլլայ անիկա տարածութեան, դեղօրայքի, բժշկական խնամքի թէ բանտային ներքին ապահովութեան իմաստով:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր Լիբանանի բոլոր բանտերուն մէջ ըլլալ, սակայն այդ մէկը կարելի չէ, «հետեւաբար մենք կ՛աղօթենք բոլոր արգելափակեալներուն համար», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Ճիշդ է, որ արգելափակեալները յանցանքի մը համար բանտարկուած են, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք մարդ արարածներ չեն: Մենք յանձնառու ենք, որ այսօր ձեզի հետ ըլլանք եւ ձեր նկատմամբ Աստուծոյ զօրակցութիւնը յայտնենք»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.