2016-03-24 12:21:00

Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սուրբ Իւղերու պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 24 մարտին՝ Աւագ հինգշաբթի է, առաւօտեան ժամը 930-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին ապա կատարուեցաւ Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի Վերին իշխանութեան պատասխանատուները եւ այլ բազմաթիւ քահանաներ։

Մինչ յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի արուարձաններու`''Քասթելնովօ Տի Փորթօ'' շրջանի մէջ գտնուող փախստականներու ''Cara'' կեդրոնը, ուր պիտի գլխաւորէ Ոտնլուայի արարողութիւնը այնտեղ բնակութիւն հաստատած 12 երիտասարդներուն, որոնց շարքին չորս կաթողիկէ Նիճերիացիներ, երեք Ղպտի Էրիթրէացի աղջիկներ, երեք մահմետականներ, մէկ Ինտու կրօնի պատկանող հնդիկ մը եւ իտալացի կամաւորուի մը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (Գլուխ 4) ուր կը խօսուի Յիսուսի Նազարէթ ժամանումի մասին ու անոր ժողովարան մուտքը եւ Եսայի մարգարէի գիրքէն ընթերցումը­, որուն աւարտին Յիսուս կ՛ըսէ ''Այսօր այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք իրականացաւ''։

Սկիզբը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ամէնքը հիացան Անոր` շնորհքով օծուն խօսքերուն վրայ, սակայն ետքը` բարկութեամբ լեցուեցան։ Ոտքի ելան, հանեցին զինք քաղաքէն դուրս եւ տարին մինչեւ լերան գագաթը, այնտեղէն գահավիժելու համարը. Յիսուս սակայն անցաւ անոնց մէջէն ու շարունակեց իր ճամբան։

Յիսուս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, պայքար կը մղէ ոչ թէ մարդոց այլ սատանային դէմ, որ է մարդկութեան թշնամին։ Յիսուս չի պայքարիր իշխանութեան ձգտելու համար այլ բանալու համար Ողորմութեան ճանապարհ մը, ողորմութիւն մը որ կը բուժէ, կ՛ազատագրէ եւ կը հռչակէ Տիրոջ շնորհքի տարին։

Մեր Աստուծոյն ողորմութիւնը անսահման է։ Ուղեւորութեան մէջ ողորմութիւն մը` որ ամէն օր կը ջանայ նոր քայլ մը կատարել ընդդէմ անտարբերութեան եւ բռնութեան - ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով Բարի Սամարացիին որ գործադրեց ողորմութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց Տիրոջ` մեզի ցուցաբերած անհուն ողորմութեան, ու յանձնարարեց դուրս ելլել ցանկապատերէն ու ամենուրէք տարածել Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Որպէս Քահանաներ մենք վկաներն ու պատգամաւորներն ենք մեր Հօր Ողորմութեան ու մեր պարտականութիւնն է զայն դաստիարակել` որպէսզի ամէն անհատ զայն ընդունի իր կեանքի փորձառութեան մէջ ըսաւ Քահանայապետը եւ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ աւագ հինգշաբթի օրուայ առթիւ մատնանշեց երկու ''ոլորտներուն'' որոնց մէջ Տէրը իր ողորմութեամբ կը գերազանցէ։ Առաջինը` հանդիպումի ոլորտն է իսկ միւսը ներումի ոլորտը որ մեզ ամչնացնելէ ետք մեզի արժանապատուութիւն կը պարգեւէ։

Տէրը ինքզինք կը նուիրէ ամբողջութեամբ, ամէն հանդիպումի առթիւ։ Ողորմած հօր առակի դիմաց ապշահար կը մնանք տեսնելով այդ հայրը որ կը վազէ իր զաւկին ընդառաջ, կը փաթթուի անոր վիզին, կը համբուրէ զինք, ու անոր կը յանձնէ մատանին եւ կը հրամայէ խնջոյք մը սարքել - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ  ''Ողորմութիւնը ամէն ինչ կը վերաշինէ ու մարդոց կը վերադարձնէ անոնց սկզբնական արժանապատուութիւնը''։

Խօսելով ապա երկրորդ ոլորտին ''Ներումի'' մասին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց թէ  ''Աստուած իր առատ ողորմութիւնը կը յայտնէ ներումին մէջ'' ։ Ան ոչ միայն կը ներէ անհամար պարտքերը, այլ մեզի կը վերադարձնէ մեր արժանապատուութիւնը։ Տէրը թոյլ տուաւ որ մեղաւոր կինը իր արցունքներով լուայ իր ոտքերը եւ երբ Պետրոս խոստովանեցաւ իր մեղքը ու խնդրեց որ Յիսուս հեռանայ իրմէ, Տէրը զինք բարձրացուց ''Մարդոց Որսորդի'' կարգին։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց  մեղաւորի վարուելակերպին, որ ըլլալու է հեզ եւ ընդունակ, ապա մատնանշեց քահանաներու վարուելակերպին ու ապրուած դժուարութիւններուն, որոնք կը նոյնանան Աստուծոյ ժողովուրդին ապրումին հետ` աղքատ, անօթի, պատերազմներու գերի, առանց ապագայի,  որ Տէրը կը փոխէ ու կը դարձնէ ''քահանայական ժողովուրդ''։ 

''Մենք եւս որպէս Քահանաներ կը նմանինք այդ ժողովուրդին որ Տէրը կ՛ազատագրէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով` երկրաւոր ու ժամանակաւոր բարիքներու փորձութիւնները, որոնց կարելի է հանդիպիլ ուղեւորութեան ընթացքին եւ որ հարկաւոր է մեր վրայէն թօթափել, քալելու համար ազատ ուղիին վրայ, որ կ՛առաջնորդէ դէպի սէր. սէր` մեր եղբայրներուն, սէր` Տիրոջ հօտին ու ոչխարներուն որոնք կը սպասեն իրենց Հովիւներու ձայնին։

''Յիսուս եկաւ մեզ փրկելու ու մեզ բարեփոխելու կոյր, աղքատ, բանտարկեալ ու լուծի տակ գտնուող մեր վիճակէն, ողորմութեան ու մխիթարութեան սպասաւորներու'' յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով քահանաները որ աս Յոբելենական տարւոյն առթիւ, ամենայն երախտագիտութեամբ` որուն կարող է մեր սիրտը, տօնախմբել Հայրը ու աղօթել` անորմէ խնդրելով որ ''միշտ յիշէ իր Ողորմածութիւնը'', ապա  ամչկոտութիւնը ճանչցող արժանապատուութեամբ ընդունիլ, Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի  վիրաւոր մարմինին մէջ գտնուող Ողորմութիւնը, խնդրելով որ Ան լուայ մեր մեղքերը ու մեզ ազատէ ամէն չարէն եւ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով յանձնառու ըլլանք, հաղորդելու Աստուծոյ ողորմութիւնը համայն մարդոց, ի գործ դնելով Սուրբ Հոգւոյն մեզի յանձնարարած գործերը, ի սպաս Աստուծոյ հաւատարիմ համայն ժողովուրդի հասարակական բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.