2016-03-24 12:27:00

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութիւնը 4.7 տոկոսով աւելցած է։


Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2016 թուականի Յունուար–Փետրուարին 4.7 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը:

ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան ներկայացուցած երկրի ընկերային–տնտեսական վիճակը բնութագրող ընթացիկ ամփոփմամբ ստացուած նախնական հիմնական ցուցանիշներուն  համաձայն՝ անկում արձանագրուած է առեւտուրի շրջանառութեան, արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ոլորտներուն մէջ: Սպառողական գիներու ցուցակը նուազած է 1.1 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրութեան գիներու ցուցակը՝ 4.9 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը կրկին աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատելով՝ 2.1 տոկոսով: Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտին մէջ եւս առկայ է 7 տոկոսի աճ: Յունուար-Փետրուար 2015-ին հետ բաղդատելով, ընթացիկ տարուան ծառայութիւններուն ծաւալը (առանց առեւտուրի) աւելցած է 9.8 տոկոսով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ 2.5 տոկոսով: Առեւտուրի շրջանառութիւնը նուազած է 1.8 տոկոսով եւ կազմած 264 միլիառ 261.2 միլիոն դրամ: Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աւելցած է 9.9 տոկոսով՝ կազմելով 194 միլիառ 105.5 միլիոն դրամ:

Միջին ամսական անուանական աշխատավարձքը աւելցած է 2.5 տոկոսով (177 հազար 670 դրամ): Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները Յունուար-Փետրուար 20150ին հետ բաղդատելով նուազած են 1.7 տոկոսով (614.2 միլիոն տոլար), ընդ որում՝ արտածումը աւելցած է 23.6 տոկոսով (225.7 միլիոն տոլար), իսկ ներածումը նուազած է 12.2 տոկոսով (388.5 միլիոն տոլար): Դրամի փոխարժէքը տոլարին նկատմամբ Յունուար-Փետրուարին եղած է 489.84:








All the contents on this site are copyrighted ©.