Աւագ Հինգշաբթին Յիսուսի կեանքին ամէնէն բազմադէպ եւ բազմաբովանդակ օրն էր: Ահաւասիկ այն օրուան ընթացքին պատահած կարեւորագոյն դէպքերուն ցանկը.
-Յիսուս լուաց առաքեալներուն ոտքերը եւ պատգամեց, որ իրենք եւս լուան իրարու ոտքերը:
-Հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը:
-Հաստատեց Քահանայութեան Խորհուրդը:
-Բացայայտեց Դաւաճանին ինքնութիւնը:
-Վեր հանեց Պետրոսին մասնայատուկ դերը՝ իր եղբայրները «սրտապնդելու» (Ղուկաս 22, 32):
-Անցուց Ճգնաժամային պահեր Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ:
-Ձերբակալուեցաւ:
-Ենթարկուեցաւ ծաղրուծանակ եւ անարգական դատավարութեան մը, հրէական Ժողովարանէն ներս:
-Եւ բանտարկուեցաւ՝ սպասելով յաջորդ օրուայ մահուան դատավճիռին:
Աւելցնելու է, որ Աւագ Հինգշաբթի օրը, Յիսուս մեզի տուաւ նոր ուսուցում մը`
-Իրար սիրելու նոր պատուիրանը:
-Մեզ իր բարեկամները կոչեց:
-Խոստացաւ առաքել Սուրբ Հոգին, որպէսզի մեզի օգնէ գործադրելու իր պատուիրանները:
-Եւ աղօթեց որպէսզի մէկ ըլլանք:
Այն իչն որ Յիսուս ըսաւ եւ ըրաւ՝ սերտօրէն առնչուած էր Եկեղեցին հիմնելու իր ծրագիրին հետ: Կ'ուզէր իր ժողովուրդը ընդմիշտ կենսագործել Սուրբ Հաղորդութեամբ, Քահանայական ծառայութեամբ, միութեամբ եւ սիրով:
Ապահովաբար, Աւագ Հինգշաբթին դառնանուշ օր մըն էր Յիսուսի համար: Արդարեւ, ցաւատենչ ու սիրատենչ իրողութիւններու օրն էր միանգամայն: Յիսուս մեզ սիրեց «ծայր աստիճան» (Յովհաննէս 13, 1): Իսկ, իր կամաւոր չարչարանքով, մեզի բացաւ երկինքի դուռը: Ուստի, մտաբերենք պատահածը: Օրն անցընենք խոկալով մեր Փրկչին ըսածներուն եւ ըրածներուն վրայ, զանոնք մեր սրտին մէջ պահենք, անոնց վրայ խորհրդածենք, ապա զանոնք հռչակենք՝ ի խնդիր մեր ընտանիքի պարագաներուն եւ մեր շրջանակի բարիքին:
Հայր Գէորգ. Վրդ. Զապարեան
All the contents on this site are copyrighted ©. |