2016-03-23 10:09:00

Քերրի Մոսկուայի մէջ. Փութինի հետ հանդիպում։


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն հաստատած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ ծրագրուող հանդիպումը:

«Իրօք, տեղի պիտի ունենայ Քերրիի եւ Փութինի հանդիպումը», յայտնած է Փեսքով` աւելցնելով, որ Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փութինին պիտի զեկուցեն իրենց տեսակցութիւններուն մասին «եւ հաւանաբար, նախագահին հետ զրոյցի ընթացքին պիտի արծարծուի հարցերու բաւական լայն շրջանակ մը»:

Փեսքով նշած է, որ օրակարգի վրայ նախ եւ առաջ պիտի ըլլան Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ վերաբերող նիւթերը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնած է. «Յստակ է, որ մենք պիտի քննարկենք անվտանգութեան, Միջին Արեւելքի, Ուքրանիոյ հարցերը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին արդեօք պիտի քննարկուի՞ն յատուկ նիւթեր, արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Յատուկ նիւթերը շատ են»` չճշդելով, թէ յատկապէս որո՛նք են անոնք:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա: Ան բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Էնթընի Պլինքինի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը երէկ երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա` թուրք պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը պիտի քննարկէ շրջանային անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին ջանքերը:

Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը գաղտնի սպասարկութիւններու մարմիններու ներկայացուցիչներ:

(Քաղուած ազդակէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.