2016-03-23 10:44:00

Փաքիստանի մէջ ս. Զատիկը արձակուրդի օր հռչակուած է։


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի ազգային ժողովը վաւերացուցած է օրէնք մը որով քրիստոնեաներուն կ՝արտօնէ սուրբ Զատիկը տօնել զայն համարելով որպէս արձակուրդի օր։

''Ասիկա պատմական ու գնահատելի վճիռ մըն է որով կ՝երաշխաւորուի իրաւունքներու հաւասարութիւնը'' յայտարարած է այս առթիւ հայր Aftab James Paul, ընդգծելով որ պետութիւնը պէտք է երաշխաւորէ դաստիարակութեան իրաւունքը եւ ամէն մին իր հաւատքը ապրելու ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու համար աշխատանքի որոշ թիւ մը վերապահել կառավարական մարմիններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.