2016-03-23 14:30:00

Պրիւքսէլի ահաբեկչութեան հետեւանքով կայ 31 զոհ, 250 վիրաւոր


Պրիւքսէլի մէջ` 22 մարտին տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով զոհուած է 31, վիրաւորուած` 250 մարդ:

Այս մասին յայտարարած է Պելճիքայի առողջապահութեան նախարար Մէկի տէ Պլոքը, կը հաղորդոէ «Մետիամաքս»-ը:

Մարտ 22-ին երկու պայթում որոտացած էր Պրիւքսէլի «Զաւէնթեմ» օդանաւակայանին, իսկ աւելի ուշ` քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող մեթրոյի կայարաններուն մէջ:

Առողջապահութեան նախարարին փոխանցմամբ` 11 մարդ զոհուած է օդակայանին, եւս 20 մարդ` քաղաքային մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով:

Պելճիքայի իշխանութիւնները կատարուածը որակած են ահաբեկչութիւն:

Յայտնի է, որ պայթումներուն համար պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը:

Պելճիքայի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ահաբեկչական յարձակումներու կազմակերպման եւ իրականացման մէջ կը կասկածուի երեք մարդ, որոնցմէ  երկուքը, ամենայն հաւանականութեամբ, զոհուած են պայթումներ իրականացնելու ատեն:

Պելճիքայի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.