2016-03-23 12:47:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Նախախնամութիւնը


Նախախնամութեան ուժի եւ աստուածային տնօրինումներու հանդէպ հաւատքի տկարութիւնը համատարած երեւոյթի վերածուելու սկսեր է: Երեւոյթ մը, որուն մասին անդրադարձեր էր Յիսուս իր քարոզութեանց ընթացքին: Մեծ Պահոց Կիրակիներէն՝ Դատաւորի Կիրակիին զուգադիպող Ճաշու Աւետարանի հատուածին մէջ կը գտնենք Յիսուսի նշանաւոր այն խօսքը, ուր կ՛ըսէ. «Երբ մարդու Որդին գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրի վրայ» (Հմմտ Ղկ 18.8):

Աշխարհի զարգացման արագավազ ընթացքին բերումով, ոմանք շատ բնական կը համարեն մարդոց հաւատքին տկարացումը: Արհեստագիտութեան զարգացումը, անջրպետի հետազօտութիւններու այնքան մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնները եւ գիտնականներուն կատարած նորանոր գիւտերը պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ շատ ժամանակ չտրամադրեն այլեւս հաւատքին ու կրօնքին՝ անզգալաբար հեռանալով եկեղեցիէն:

15ամեայ պատանի մը, գիտութեան իր դասատուին հեղինակաւոր կարծիքները կը կրկնէր տան մէջ թութակաբար, բնա՛ւ պատրաստ չըլլալով լսելու իր բարեպաշտ մօր եւ ծխատէր քահանային Աստուածաշնչական բացատրութիւնները, որոնք հեքիաթներու ամփոփումներ կը թուէին ըլլալ իրեն համար: Վերջապէս, այդ ուսուցիչը օրինակներ կը բերէր ու կը հիմնաւորէր իր ըսածները, իսկ կրօնքը, ըստ իրեն, անբաւարար էր, համոզել կարենալու համար զինք եւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէր, չէր կրնար հիմնաւորուած պատասխան տալ իր հարցադրումներուն: Երեխան չէր կրնար այդ պահուն մտածել, թէ իր այդ ուսուցիչն ալ հազարաւոր այլ հարցումներու պատասխանները չէր գիտեր, ո՛չ կեանքի եւ ո՛չ ալ մահուան խորհուրդներուն մասին, իսկ անոր գիտցածն ալ, միլիառներու մէջ թերեւս մէկ ալ չէր:

Ոմանք այն կարծիքին են, թէ հաւատքի խնդիրը «տարիքի հարց» է: Այսինքն, որոշ տարիք մը թեւակոխելէ ետք մարդ կը սկսի տարբեր մտածելու: Օրինակ, ժառանգական խնդիր ունեցող ծերունի մը, որ իր եղբօր զաւակներուն հետ դատական բարդ դրութեան մէջ էր, բնականօրէն սկսաւ մտածելու «միւս աշխարհին» մասին, տատանելով իր առած նախկին միակողմանի որոշման վրայ: Ի վերջոյ, այս աշխարհի հարստութիւնը այստեղ պիտի թողուր ան, իսկ միւս աշխարհին մէջ իր ունենալիքին մասին դեռ բան չէր գիտեր, որովհետեւ անորոշութեան մէգով պատուած էր իր միտքն ու հոգին: Սակայն իր տարիքին քառորդը կամ կէսը եղող մարդիկ նոյն ձեւով չեն մտածեր, հարկա՛ւ: Անոնք դեռ երկա՜ր ճամբայ ունենալով կտրելիք, կ՛ուզեն անպայման աւելի՛ շահաւոր դուրս գալ նման իրադրութեանց մէջէն:

Հաւատքը, սակայն, տարիքի խնդիր չէ: Ծերունիին օրինակը ստիպողութիւն մըն է, որ բնական ընթացքով մարդս կը մղէ մտածելու մահէն ետք բացուող կեանքին մասին: Սակայն հաւատքը դաստիարակութեան խնդիր է, զոր մարդ կը սորվի հոգեկան արթնութեան սեփական փորձով: Ոմանք փոքր տարիքին արթնութեանը այդ փորձառութիւնը կ՛ունենան, խորապէս հաւատալով Արարիչի գոյութեան եւ Անոր նախախնամութեան: Իսկ ուրիշներ, վտանգի մը կամ փորձութեան մը մէջ իյնալէ ու ելլելէ ետք միայն արժէքը կ՛իմանան Աստուծոյ նախախնամական հոգածութեան եւ հզօր պաշտպանութեան: Մեր ապրած իւրաքանչիւր օր պարգեւ մըն է, տրուած մեզի: Տարիքի մէջ յառաջացած մարդիկ երբ առաւօտուն կ՛արթննան, փառք կու տան արեւը դարձեալ տեսնելուն համար: Մանուկներ կամ երիտասարդութեան տարիքի մէջ գտնուողներ չեն անդրադառնար անշուշտ այս բացառիկ շնորհքին, երբ Աստուած օր մը եւս պարգեւելով, առիթ կ՛ընծայէ մեզի նախ փառաբանելու զԻնք՝ երկինքի եւ երկրի Տիրոջը, եւ ապա առիթ կ՛ընծայէ մեզի իրագործումներով լեցնելու մեր կեանքը:

Որպէս խօսք երիտասարդին ըսենք.

Դուն՝ որ ապշած կը մնաս այսօրուան արհեստագիտութեան խելայեղ վազքին դիմաց. դուն՝ որ համակարգիչներուն կատարելագործուածները շուտով ձեռք բերելու ճիգ չես խնայեր, մի անգիտանար որ ´´Աստուած գոյութիւն ունի’’ ան է որ համակարգիչներուն թուայնացման ծրագիրները կազմած մարդուն ուղեղ եւ իմաստութիւն, բանականութիւն եւ շնորհք պարգեւած է: Ան է որ ամէն առաւօտ քեզ արթնցնելով, կեանքին կը մղէ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.