2016-03-23 10:23:00

Աւագ Չորեքշաբթի


Աւագ Չորեքշաբթի օրը կը յիշատակուի Բեթանիոյ մէջ կնոջ կողմէ Յիսուս Քրիստոսի օծումը և Տիրոջ մատնութիւնը: Մեղաւոր կինը նարդոսի ազնիւ ու թանկարժէք իւղով կ’օծէ Յիսուսը: Այս մասին աւետարանիչները զիրար լրացնող տեղեկութիւններ կը հաղորդեն: Աշակերտները կը բարկանան, քանի որ այդ իւղը վաճառելով կարելի էր շատ աղքատներու ողորմութիւն տալ: Աշակերտներու այս տրտունջին Յիսուս կը պատասխանէ. ՙԱղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք եւ երբ որ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք գործել, բայց զիս չունիք ձեզի հետ՚: Կնոջ կողմէ Յիսուսի օծումը կը կանխանշէ անոր թաղուիլը: ՙԱյս կինը ի՛նչ որ կրնար՝ ըրաւ. իմ մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան՚, կ’ըսէ Քրիստոս:

Աւագ Չորեքշաբթի օրուայ աւետարանական ընթերցումը կը յորդորէ չչարաշահել Աստուծոյ ունեցած սէրն ու վստահութիւնը և, յիշելով մարդկութեան համար անոր կրած չարչարանքներն ու մահը, չշեղիլ ճշմարիտ ճանապարհէն, երկրպագել ու փառաւորել զԱստուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.