2016-03-23 11:24:00

2016-ի ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու խորհրդածութիւնը՝ Աստուած ողորմած է նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապ` 2016 տարուան համար  կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթիին` Փերուճա  թեմին առաջնորդին յանձնած է  ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու մտածականներու պատրաստութիւնը։

Կարդինալը իր խորհրդածութիւններու որպէս ամփոփ վերնագիր ընտրեց ''Աստուած ողորմած է''։ ֆրանչիսկոս Պապը անձամբ պիտի նախագահէ Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Աւագ ուրբաթ օրը Հռոմի աշխարհահռչակ Ամփիթատրոնի`  Colosseo-ի մէջ, այն կեդրոնատեղին, ուր քրիստոնէութեան արշալոյսին բազմաթիւ քրիստոնեաներ նահատակուեցան։ Սրբազան արարողութիւնը կը սկսի երեկոյեան ժամը 9.15-ին մասնակցութեամբ բիւրաւոր ուխտաւորներու։

Իր խորհրդածութիւններուն մէջ Կարդինալ Պասսեթթի  ի յայտ կը դնէ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը միակ ուղին է, մարդուն ապրած վախի, ցաւի, հալածանքի ու բռնութեան դիմաց։  

14 կայաններու  խորհրդածութիւնները կը կեդրոնանան անցեալի ինչպէս նաեւ ներկայի հալածուած քրիստոնեաներու, բաժանուած ընտանիքներու ու այսօրուայ հզօրներու ցուցամոլութեան վրայ։ Կարդինալը ապա գաղթականներուն մէջ կը տեսնէ դիմագիծը Քրիստոսի։

Յիսուսի ճանապարհը դէպի գողգոթա եղաւ Աստուծոյ գերագոյն պարգեւը մարդկութեան։ Խաչի ճանապարհով, ըսաւ կարդինալը, Աստուած ուզեց մեզի ցոյց տալ իր անհուն սէրը` մարդկութեան հանդէպ։

Խաչի գայթակղութիւնը հակապատկերն է մարդկային խեղճութեան։ Յիսուսի ձաղկումն ու նուաստացումը ցոյց կու տան մեզի արդարութեան ճանապարհը։ Աստուծոյ արդարութիւնը կը բարեփոխէ տանջանքը Յարութեան լոյսով։ Սակայն կան մարդիկ որ Պիղատոսի նման կը վախնան իրենց դիրքը կորսնցնելէ, չեն ընտրեր Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, եւ կամ իրենց մէջ տարբերը, օտարն ու գաղթականը տեսնելը` վախ կը յարուցէ ու կարողութիւնը չունին անոնց մէջ նշմարելու Աստուծոյ դիմագիծը։

ճանապարհ խաչի 14 կայանները աղբիւր են խոր խորհրդածութիւններու, ինչպէս Յիսուսի առաջին անկումը խաչի ծանրութեան տակ։ Այս մէկը հրաւէր մըն է հարց տալու ցաւի նշանակութեան մասին և այսպէսով մեր խնդրանքը  դարձնել աղօթք։

Յիսուսի  իր մօր հետ հանդիպումը կը վերակոչէ ընտանիքի պատկերը ու կը հարցադրենք բաժնուած ընտանիքներու ցաւին մասին։

Վերոնիքայի քնքուշ ժէսթին մէջ կարելի է ճանչնալ սիրոյ զօրութիւնը` միշտ պատրաստ ինքզինք նուիրելու ուրիշին։

Յիսուսի երկրորդ անկումը մեզի կը յիշեցնէ որ մեղքը յաճախ կարող է մեզ կորուստի մատնել եւ թէ  առանձին կարող չենք փրկուիլ։ Մինչ երրորդ անկումը կը յիշեցնէ բաժնուած ընտանիքներու, գործազուրկներու ու երիտասարդներուն անկայուն հոգեվիճակն ու տառապանքը։

Յիսուսի մերկացած իր վերարկուէն,  այս դէպքը մեզի կը յիշեցնէ շահագործուած մանուկները ու անոնք որոնց արժանապատուութեան իրաւունքը ժխտուած է։ Խաչի վրայ սակայն կը փայլի ''մերկացած ամենակալութիւնը'', ''իմաստութիւնը որ կը խոնարհի մինչեւ յիմարութիւն''. սէրը որ կը նուիրուի որպէս զոհաբերում։ Քրիստոսի կողքին  գտնուող երկու աւազակներէն առաջինը Յիսուսին կ՝առաջարկէ խաչէն փախչիլ ու տառապանքէն ազատիլ, իսկ երկրորդը կ՝ընդունի Աստուծոյ կամքը ու կը բացուի սիրոյ ու ներումի մշակոյթին։

Յիսուս խաչի վրայ կը մեռնի, Անոր մահը սակայն մեծագոյն վկայութիւնը կու տայ հաւատքին, նման բոլոր դարերու նահատակներուն, ու վերջին դարաշրջանի մարտիրոսներուն որոնք ժամանակակից ճշմարիտ առաքեալներն են։

Եւ ահա Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ուղեւորութեան աւարտին, ի յայտ կու գայ հաւատքի զօրութիւնը, նման Յովսէփ Արեմաթացիին որ կը դառնայ ''ընկալութիւն, ձրիութիւն ու սէր'',  Յիսուսի մարմինը պահանջելով ու զայն  մաքուր վարշամակով  պատելէ ետք զայն զետեղելով իր գերեզմանին մէջ։ Այս մէկը ճշմարիտ հակապատկերն է հզօր ցուցամոլներուն որոնք մահուան ժամուն իսկ կը փնտռեն փառք ու պատիւ։

Յիսուսի գերեզմանին մուտքին խոշոր քար մը կը զետեղուի, սակայն մահը չէ որ կ՛ունենայ իր վերջին խօսքը, որովհետեւ Երուսաղէմի այդ գերեզմանի խաւարէն, Աստուած կը ներգործէ, նոր շնորհք մը ստեղծելու համար մարդուն` զոր կը սիրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.