2016-03-22 09:08:00

Ռուսիան այսօրուընէ կրնայ հարուածել Սուրիոյ մէջ զինադուլը խախտողները


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի գլխաւոր գործադիր վարչութեան պետ Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտնած է, որ Ռուսիան պատրաստ է 22 մարտէն սկսեալ միակողմանի կարգով զինուորական ուժ կիրարկելու Սուրիոյ մէջ զինադուլը կանոնաւոր կերպով խախտող զինեալ ուժերուն դէմ, եթէ չստանայ զինադուլի դրութեան հսկողութեան վերաբերեալ իր առաջարկներուն մասին Միացեալ Նահանգներու պատասխանը: Երէկ նոյնպիսի կեցուածք արտայայտեց նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ռուտսքոյ յիշեցուցած է, որ Ռուսիան համապատասխան առաջարկներ ուղարկած է 25 փետրուարին:

«Այդ առաջարկներուն Միացեալ Նահանգներու արձագանգի բացակայութեան պարագային Ռուսիոյ դաշնութիւնը 22 մարտէն ձեռնամուխ պիտի ըլլայ միակողմանի կերպով կիրարկելու այն դրոյթները, որոնք նախատեսուած են համաձայնագիրով… կ՛ընդգծենք, որ զինուորական ուժը պիտի կիրարկուի միայն ստանալէ ետք զինեալ կազմաւորումներու կողմէ այն պարտաւորութիւններու կանոնաւոր խախտման հաւաստի ապացոյցները, որոնք ստանձնած են Սուրիոյ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ 22 փետրուար 2016-ի ռուս-ամերիկեան միացեալ յայտարարութեան իրականացման ծիրին մէջ», ըսած է Ռուտսքոյ:

Ըստ անոր, ռուսական կողմը մշակած եւ 5 մարտին Միացեալ Նահանգներուն ուղարկած է Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան հսկողութեան համաձայնագիրի փոխզիջումային նախագիծ, ինչպէս նաեւ առաջարկած է առաւելագոյն կարճ ժամկէտի մը մէջ փորձագէտներու խորհրդակցութիւններ կատարել փաստաթուղթի բնագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

Ռուտսքոյի կարծիքով` ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւնները, որոնք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած են 18 մարտին, ցոյց տուին, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ չեն առարկայականօրէն քննարկելու Սուրիոյ մէջ զինադուլի դրութեան հսկողութեան վերաբերող առաջարկները:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մերժած է Սուրիոյ մէջ զինադադարի հսկողութեան շուրջ անմիջական խորհրդակցութիւններ կատարելու Մոսկուայի կոչը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.