2016-03-21 08:00:00

Պոսթընի առաջնորդը պատարագ պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։


Պոսթընի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Կարդինալ Շոն Փաթրիք Օմելլի՛ն, 17 Մարտ 2016-ին յայտարարած է թէ յառաջիկայ 23 Ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, պատարագ պիտի մատուցէ, նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Իր յայտարարութեան մէջ Կարդինալը յիշատակած է Հռոմի Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Օմելլի՛ն նաեւ համերաշխութիւն յայտնած է քրիստոնեաներուն, որոնք կը տառապին ամբողջ աշխարհի մէջ:

Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ կրօնական առաջնորդներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.