2016-03-21 09:49:00

Գերապայծառ Հինտօ կը մեղադրէ ԱՄՆէն շահագործուած ''ցեղասպանութիւն'' բառը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ Հասաքէի Ասորի կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Հինտօ կը դատապարտէ ԱՄՆի կողմէ շահագործուած ''ցեղասպանութիւն'' բառը յայտնելով թէ այդ միայն կը ծառայէ աշխարհաքաղաքական շահերուն համար։

ֆիտես մամլոյ գործակալութեան իրենց ուղղուած մէկ հարցումին պատասխանելով, գերապայծառ Էինտօ ըսաւ. ''ճիշտ չէ ըսել որ միմիայն քրիստոնեաները միակ զոհերն են ՏԱՀԵՇ-ի, քանի այս ահաբեկչական խմբաւորումը կը սպանէ նաեւ Շիիթները, Ալաուիթները եւ բոլոր այն սիւնինները որոնք կը մերժեն իրեն ենթարկուիլ։ Քրիստոնեաները կը ներկայացնեն Սուրիոյ 250 հազար զոհերու փոքրաթիւ մէկ մասը եւ որոշ պարագաներուն քրիստոնեաներուն կարելիութիւն տրուեցաւ երկրէն հեռանալու, եւ կամ այնտեղ մնալով ենթարկուելու հարկի վճարումի, մինչ ոչ քրիստոնեաներուն համար ուրիշ լուծում չկայ եթէ ոչ մահը''։

Գերապայծառ Հինտոյի գնահատումով Ամերիկացիները իրենց զիրենք անգիտակից կը ձեւացնեն մոռնալով թէ իրենց մեղսակցութեամբ է որ ծնունդ առին ծայրայեղ ահաբեկչական խմբակները Աֆղանիստանի պատերազմէն սկսեալ, Սովետական միութեան դէմ մինչեւ մեր օրերուս իրենց տուած  օգնութիւնը իսլամական զինեալ խումբերուն։

''Քրիստոնեաներու դէմ ցեղասպանութեան յայտարարութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի'', ըսաւ գերապայծառ Հինտօ, քանի ամերիկացիները կը յուսան այս պատրանքով վերաշահիլ  իրենց կորսնցուցած հանգամանքը յաչս ռուսերու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու մօտ վայլած գնահատանքին։ ԱՄՆի հզօր խումբերը կը փորձեն քրիստոնեաները պաշտպանելու ռազմավարութիւնը որդեգրել, որ յատուկ էր 19-րդ դարու, երբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը լոկ աշխարհաքաղաքական միջոց մըն էր հզօրացնելու համար իրենց դիրքերը այդ աշխարհամասին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.