2016-03-21 10:22:00

Այնճարի երեք համայնքները տօնեցին Ծաղկազարդը


Կիրակի 20 Մարտ 2016-ին, Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Յիսուսի յաղթական մուտքը դէպի Երուսաղէմ խորհրդանշող «Ծաղկազարդի Տօնը»: Այս մասին կը հաղորդէ Mousaleranjar.com-ը։

Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց եւ պատարագեց Հայր Վիգէն Աբեղայ Տալքլըճեանը, ապա հաւատացեալ ժողովուրդը եւ մասնաւորապէս մանուկները՝ ձիթենիի ճիւղերով եւ մոմերով հետեւեցան ծաղկազարդի թափորին որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Այնճարի Հայ կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց հայր Մեսրոպ. Վրդ. Թօփալեանը: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին մանուկները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը շրջեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հետեւելով ծաղկազարդի թափորին:

Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ յատուկ պաշտամունք ուր օրուայ պատգամը փոխանցեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան իսկ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին ծաղկազարդի պատմութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.