2016-03-20 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդները հրաւիրեց մասնակցելու Քրաքովիայի մէջ կայանալիք հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 Մարտ 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած Ծաղկազարդի տօնին Սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին սկիզբը ըսաւ''Կ՛ողջունեմ ձեզ ամէնքդ որ մասնակցեցաք այս արարողութեան ու բոլոր անոնք որոնք մեզի միացած են հեռուստատեսիլի, Ռատիոյի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ ''Այսօր կը նշուի Երիտասարդութեան համաշխարհային 31 օրը որ իր գագաթնակէտին կը հասնի Յուլիսին` Քրաքովիայի մէջ նշուելիք Համաշխարհային օրով։ Այս օրուայ բնաբանն է ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւնը պիտի գտնեն (Մատթ 5, 7)'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն ողջունեց արարողութեան ներկայ գտնուող եւ աշխարհի բոլոր երիտասարդները մաղթելով որ ''կարողանան  մեծ թիւով երթալ Քրաքովիա, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսի հայրենիքը, որ է նաեւ հիմնադիրը ''Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրերուն''։

Անոր բարեխօսութեան կը յանձնեմ`  այս ուխտագնացութեան պատրաստութեան յառաջիկայ ամիսները, որ` Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս պիտի հանդիսանայ տիեզերական եկեղեցւոյ Երիտասարդութեան Յոբելեանը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց արարողութեան գտնուող բազմաթիւ Լեհ կամաւոր երիտասարդներուն որոնք Լեհաստան պիտի տանին Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնած Երուսաղէմն, Ասսիզիէն եւ Մոնթեքասսինոյէն եկած ձիթենիի ճիւղերը­, որոնք պիտի բաշխուին Լեհաստանի իշխանութիւններուն, որպէս հրաւէր` մշակելու միշտ խաղաղութիւն, հաշտութիւնն ու եղբայրութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ  հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթելու Մարեմեան աղօթքը առ ի պատրաստութիւն աւագ Սուրբ շաբթուայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.