2016-03-20 10:40:00

''Օրհնեալ ըլլայ թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով'' Ծաղկազարդի տօնը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 Մարտ 2016-ին Եկեղեցին կը նշէ  Ծաղկազարդի տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հանդիսապետեց Ծաղկազարդի թափօրը ապա հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագը որուն ընթացքին տեղի ունենցաւ նաեւ ձիթենիի ճիւղերու եւ արմաւենիի ոստերու օրհնութիւնը ի յիշատակ` մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի մուտն ի Երուսաղէմ։ Սրբազան արարողութեան, ըստ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տուեալներուն, մասնակցեցան աւելի քան 70 հազար հաւատացեալներ։

Յայտնենք թէ այս առթիւ Ս. Պետրոս հրապարակը զարդարուած էր 10 հազար բուրումնաւէտ տունկերով, 500 քիլօ ''կանանչութեամբ'' եկած Իտալիոյ Լիկուրեա մարզէն, 7000 ձիւնածաղիկներով եւ 30 հազար ձիթենիի ոստերով, որոնք ապա հաւատացեալներուն բաշխուեցան։

''Օրհնեալ ըլլայ թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով'' (Ղուկ 19,38) կ՛աղաղակեր Երուսաղէմի ամբոխը ընկալելով Յիսուսը։ Մենք մերը ըրինք այս խանդավառութիւնը արմաւինիի եւ ձիթենիի ոստերը բռնելով ու յայտնելով մեր ուրախութիւնն ու փառաբանութիւնը եւ իղձը ընդունելու Յիսուսը որ մեր մօտ կու գայ։ Այոյ այնպէս ինչպէս Ան մուտք գործեց Երուսաղէմ նոյն ձեւով կը փափաքի մուտք գործել մեր քաղաքներուն ու մեր կեանքին մէջ։ Ան մեզի կու գայ յանուն Տիրոջ անոր Աստուածային զօրեղ սիրով` որ կը քաւէ մեր մեղքը ու մեզ կը հաշտեցնէ Հօր ու մեզ մեր անձին հետ''։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 20 Փետրուար 2016-ին, սկիզբ տուաւ Ծաղկազարդի Սուրբ Տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին` ''Օրհնեալ ըլլայ թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով''։

''Ոչ մի բան կարողացաւ արգիլել Յիսուսի մուտքի խանդավառութիւնը եւ թող ոչ մի բան արգելք ըլլայ Անոր մէջ գտնելու մեր ուրախութիւնը, իսկական ուրախութիւնը որ մնայուն է եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ։ Որովհետեւ Յիսուս մեզ կը փրկէ մեր մեղքերու կապանքներէն, մահէն, վախէն ու տխրութենէն'' ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ ակնարկելով օրուան ծիսակատարութեան հաստատեց թէ ''Յիսուս չ՛եկաւ մեզ փրկելու յաղթական մուտքով կամ հրաշքներով այլ ինքզինք ունայնացնելով եւ ինքզինք խոնարհեցնելով։ Այս երկու բայերը  մեզի կը յայտնեն մինչեւ ուր հասաւ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ։ Յիսուս ինքզինք ունայնացուց, հրաժարեցաւ Աստուծոյ Որդիի փառքէն դառնալու համար Մարդու Որդի` որպէսզի զօրակից ըլլայ մեզի` մեղաւորներուս հետ, Ինք որ առանց մեղքի է - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու շարունակեց  ''Ան մեր մէջ ապրեցաւ ''ծառայի'' եւ ոչ թէ թագաւորի արժանիքով։ Ուստի խոնարհեցաւ''։

Այս անհուն սիրոյ առաջին արտայայտութիւնն է ոտնլուան։ Տէրն ու Վարդապետը խոնարհեցաւ ու լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը այնպէս ինչպէս կ՛ընէին ծառաները։ Ան մեզի ցոյց տուաւ օրինակը, որուն միջոցաւ մենք արժանի ենք Անոր սիրոյն։ Յիսուսի ունայնացումը աւելիով կը բացայայտուի չարչարանքներու ընդմէջէն. կը ծախուի երեսուն դահեկանով ու կը դաւաճանուի իր աշակերտներէն մէկուն կողմէ, մինչ միւս բոլորը կը փախչին։ Պետրոս զինք կ՛ուրանայ երեք անգամ։ Ան կը կռէ մարդկային ամէնէ վայրագ չարչարանքները` ձաղկում, փուշէ պսակ...անոր կը ժխտուի արդարութիւնը եւ Յիսուս իր մորթին վրայ կը փորձարկէ ''անտարբերութիւնը'', որովհետեւ ոչ մէկը կ՛ուզէ իր վրան առնել անոր ճակատագրի պատասխանատուութիւնը` ոչ  Պիղատոսը եւ ոչ ալ Հերովդէսը. ամբոխը որ սկիզբը զինք ընդունեց ուրախութեամբ հիմա անոր դէմ կ՛աղաղակէ ու անոր կը նախընտրէ ոճրագործ մը''։

Այսպէս Յիսուս կը հասնի Խաչի մահուան, ամօթալի ու ցաւալի մահ մը որ ընդհանրապէս վերապահուած էր  դաւաճաններուն, ստրուկներուն եւ ոճրագործներուն։

Խաչին վրայ ապա Յիսուս կը փորձարկէ նաեւ Հօր խորհրդալից լքումը, սակայն այդ առանձնութեան մէջ կ՛աղօթէ ''Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս''։ Յիսուս հուսկ կ՛ունենայ վերջին փորձութիւնը` ''Վար իջնել խաչէն ու չարը յաղթահարել զօրութեամբ ու ցոյց տալ հզօր ու անյաղթ դիմագիծը'', Ան սակայն, ունայնացումի գագաթնակէտին հասած, ցոյց կու տայ Աստուծոյ իսկական դիմագիծը, որ է Ողորմութիւնը։ Կը ներէ զինք հալածողները, դրախտի դռները կը բանայ դարձի եկած չարագործին առջեւ ու կը դպչի հազարապետի սրտին։

Գուցէ մեզի հեռու կը թուի Աստուծոյ այս վարուելակերպը որ ունայնացաւ մեզի համար։ Ան եկաւ փրկելու մեզ ու մենք կանչուած ենք ընտրելու Անոր ճանապարհը, ծառայութեան, նուիրումի ու ինքնիր մոռացութեան ճանապարհը։  Կրնանք ընթանալ այդ ուղեւորութեամբ նայելով Խաչեալին, Անորմէ սորվելու համար հեզ սէրը որ կը փրկէ եւ կեանք կը պարգեւէ, հրաժարելով եսասիրութենէն ու իշխանութեան ու փառքի փնտռտուքէն։

Իր խոնարհութեամբ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ քալելու իր ճանապարհին վրայ։ Մեր հայեացքը ուղղենք Անոր ու խնդրենք շնորհքը հասկնալու այս ունայանացումի խորհուրդը եւ լռութեան մէջ խորհրդածենք այս Սուրբ Շաբթուայ խորհուրդի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.