2016-03-19 10:30:00

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 19 Մարտ  2016-ին, Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնին օրը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին Գահակալութեան արարողութեան երրորդ տարեդարձին օրը, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մէջ, առաւօտեան ժամը 10,00-ին, նախագահեց երկու նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը։ 

Երկու նորօծ եպիսկոպոսներն են` սպանացի 63 ամեայ գերապայծառ Ayuso Guixot-ի`  միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը եւ 52 տարեկան գերապայծառ Bryan Wells,  Հարաւային Ափրիկէի մօտ առաքելական դեսպան։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Եպիսկոպոսին եկեղեցական պատասխանատուութեան ու անոր յանձնուած առաքելութեան վրայ, նորօծ եպիսկոպոսներուն յանձնարարելով  ըլլալ հաւատարիմ Քրիստոսի խորհուրդներուն ու հետեւիլ Բարի Հովիւի օրինակին, հոգ տանելով իրենց յանձնուած հօտին ու հսկելով անոր վրայ` Յանուն Հօր եւ Որդոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն։

Իսկ վաղը` 20 Մարտին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը հանդիսապետէ Ծաղկազարդի թափօրը ապա հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագը որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստերու օրհնութիւնը ի յիշատակ` մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի մուտն ի Երուսաղէմ։

Եկեղեցին արդարեւ  Ս. Յարութեան Տօնէն մէկ շաբաթ առաջ, կը յիշատակէ Յիսուսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ։ Այդ օր` կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը եւ կը կատարուի թափօր եւ անդաստան որմէ ետք` տեղի կ՛ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը որ սկիզբ կու տայ Աւագ Սուրբ Շաբաթուայ որ կ՛եզրափակուի Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան`Սուրբ Զատիկի տօնով։








All the contents on this site are copyrighted ©.