2016-03-18 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ''Նէոքաթեքումենալ'' եկեղեցական շարժումի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 մարտի առաւօտուն, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկսո Պապ հանդիպեցաւ Neocatecumenale եկեղեցական շարժումի  մաս կազմող աւելի քան 7000 անդամներուն հետ։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ անոնց ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ ողջունելէ ետք ներկաները խօսքը կեդրոնացուց շարժումի մաս կազմող Աւետարանելու առաքելութեամբ մեկնող  միսիոնարներուն ՝ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով  անոնց շնորհած պարգեւին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  իր ճառը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ. Միութիւն, Փառք եւ աշխարհ։

Միութիւն

Մէջբերելով  Յովհաննէսի Աւետարանէն հետեւեալ հատուածը   ՝՝Յիսուս աղօթեց իր Հօր որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, Ան ուզեց որ մարդիկը իրար միջեւ  մէկ բան ըլլան ինչպէս Ինք ու հայրը՝՝ (Յովհաննէս 17.23)՝  Քահանայապետը ըսաւ ՝՝ Յիսուս նախ քան չարչարուիլը  խնդրանք մը  կատարեց այն է որ ՝՝Եկեղեցւոյ մէջ միութիւն ըլլայ՝՝։ Աստուծոյ ու մարդուն թշնամին՝ սատանան, չի կրնար ոչ մէկ բան գործել Աւետարանին դէմ, ընդդէմ աղօթքի եւ խորհուրդներու հեզ ուժականութեան, սակայն կրնայ մեծ չարիք հասցնել Եկեղեցւոյ մեր մարդկութիւնը փորձութեան ենթարկելով ու յառաջացնելով յանդուգն դատողութիւն, փակումներ ու բաժանումներ։

Նոյնինքն սատանան ''բաժնող'' է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ան մեզ կը խափէ  մեզի կարծել տալով թէ մենք ուրիշներէն շատ աւելի լաւ ու բարի ենք որպէսզի կարենայ թշնամութիւն սերմանել։ ։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով շարժումի խարիզմերուն , յարեց թէ իւրաքանչիւր խազիզմ շնորհք մըն է պարգեւուած Աստուծոյ կողմէ՝ միութիւն կերտելու համար, ապա միեւնոյն ժամանակ զգուշացուց  ՝ թէ   խարիզմը կրնայ ապականիլ երբ ինքնիր մէջ փակուած կը մնայ եւ ինքնիրմով կը պարծենայ, եւ երբ կ՛ուզենայ զատորոշուիլ ուրիշներէն, ուստի՝  յորդորեց խարիզմը լաւ պահպանել՝ ընթանալով գլխաւոր ուղիէն, այսինքն հեզ եւ հնազանդ  միութեան ուղիէն ։ Երբ այս մէկը իրականանայ , Սուրբ Հոգին կը շարունակէ ներգործել, ինչպէս ներգործեց Տիրամօր մէջ՝ որ հեզ եւ հնազանդ էր – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ Եկեղեցին մեր Մայրն է, եւ մենք որպէս զաւակներ կը նմանինք մեր Մօր՝ Եկեղեցիին։  Մկրտութեան խորհուրդը ստանալէ ետք, չենք ապրիր որպէս կղզիացած անհատներ, այլ կը դառնանք  հաղորդութեան մէջ  այրեր ու կիներ, կանչուած աշխարհի  մէջ  ըլլալու  հաղորդութեան գործիչներ։  

Որովհետեւ Յիսուս ոչ միայն Եկեղեցին հիմնեց մեզի համար  այլ մեզ հիմնեց որպէս եկեղեցի – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ՝՝Այս է Եկեղեցւոյ բերրիութիւնը որ է Մայր եւ ոչ թէ կազմակերպութիւն մը կամ խմբակ մը որ իր համոզումներով յառաջ կ՛ընթանայ, այլ Մայր մը որ Յիսուսէն ընկալած կեանքը կը փոխանցէ։ Եւ այս Բերրիութիւնը կը բացայայտուի Հովիւներու առաջնորդութեան ընդմէջէն>>։

Փառքը

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ՝՝փառքին՝՝ մասին մէջբերելով  Յովհաննէս Աւետարանէն  հետեւեալ համարը՝՝Եւ հիմա Հայր, փառաւորէ զիս, այն փառքով զոր ունէի քու քովդ, աշխարհի ստեղծումէն առաջ։ Յովհ 17,5՝՝։ 

Աշխարհի փառքը կը յայտնուի երբ կարեւոր անձնաւորութիւնները կը դառնանք  երբ կը դիզենք հարուստութիւններ, մինչ ՝Աստուծոյ փառքը կը յայտնուի խաչին վրայ, ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Խաչէն  կը ճառագայթէ եւ կը սփռուի սէրը։ 

Այսպիսի փառք մը՝ Աւետարանը  արդիւնաբեր  կը դարձնէ , այնուհետեւ  եկեղեցին կը դառնայ բերրի ու կը  նմանի Աստուծոյ ողորմած սիրոյն՝ որ առաջարկուած` է  եւ  ոչ  թէ պարտադրուած։ Սէր մը հեզ որ կը գործէ անձրեւի նման հողին մէջ,  մեր շնչած օդին  նման ու նման այն  փոքրիկ սերմին  որ պտղաբեր կը դառնայ լռութեան մէջ։

Աշխարհը

Սրբազան Քահանայապետին երրորդ բառը եղաւ ''Աշխարհը''։ Աշխարհին մասին խօսելով Քահանայապետը մէջբերելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն հետեւել համարը ՝՝Աստուած շատ սիրեց աշխարհը  մինչեւ որ իր Միածին որդին ուղարկեց  (Յովհ 3,16) հաստատեց թէ '' Ով որ կը սիրէ չի հեռանար այլ կը մօտենայ։  Աստուած կը սիրէ  Իր ստեղծած աշխարհը, կը սիրէ աշխարհի մէջ զաւակները՝ ինչպէս որ են, այնտեղ ուր որ կ՝ապրին, նոյնիսկ եթէ հեռու են'' ։ Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց ցոյց տալ Աստուծոյ քնքուշ  նայուածքը` աշխարհի զաւակներուն, շրջապատող իրականութիւնները նկատել որպէս պարգեւ, ընտելանալ   հանդիպած մշակոյթնեներուն, լեզուներուն, տեղական սովորութիւններուն, յարգելով զանոնք եւ ճանչնալով անոնց մէջ ՝ Սուրբ Հոգիին արդէն սփռած շնորհքի սերմը։ Ապա սերմանել  առաջին աւետիսը` ''Ինչ որ աւելի գեղեցիկ է, աւելի մեծ է, աւելի հրապուրիչ եւ միաժամանակ աւելի անհրաժեշտ  (Esort. ap. Evangelii gaudium, 35)ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ ՝՝Բարի լուրն է որ պէտք է միշտ արծարծուի,  ապա թէ ոչ հաւատքը  կը վերածուի միապաղաղ եւ առանց կեանքի վարդապետութեան՝՝ մը.։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւնը յայտնելով  ներկաներուն իրենց տուած վկայութեան համար ու քաջալերելով  զանոնք յառաջ ընդանալու եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.