2016-03-18 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցեցաւ Մեծ Պահքի 5-րդ խորհրդածութեան նիստին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 Մարտի առաւօտեան՝ ժամը 9.00ին, Վատիկանի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի Քուրիայի անդամները մասնակցեցան Քահանայապետական տան քարոզիչ` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսայի ներկայացուց Քառասնորդաց պահքի շրջանի հինգերորդ եւ վերջին խորհրդածութեան  որուն կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ ''Քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութիւնը'' ներշնչուած “Unitatis Redintegratio” Վատիկանեան Տիեզերականն Բ Ժողովի համամիութեան հայող վաւերագիրէն։

Քահանայապետական Տան քարոզիչ` Հայր Ռանիրեօ Քանթալամեսսայի ներկայացուց Քառասնորդաց Պահքի շրջանի խորհրդածութեան ընթացքին շօշափուած նիւթերը հանդիսացան. Եկեղեցւոյ Էքումենիք ընթացքը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ետք. Բողոքականներու Վերանորոգման 5-րդ դարադարձէն մէկ տարի առաջ. Բանաձեւերէն անդին ապա Միութիւն սիրոյ մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր օրակարգը շարունակեց իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունելով գերապայծառ Տիէկօ Քուզերոն` Պապական Նուիրակ, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլերը եւ Ժողովուրդներուն Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Նէոքաթեքումենալ շարժումի 7 հազար անդամներուն եւ այս առթիւ 270 ընտանիքներ առաքեց ''ժողովուրդներու աւետարանութեան'' առաքելութեան դէպի 56 առաքելավայրեր որոնցմէ 14-ը Ասիա, 30-ը Եւրոպա, 6-ը Ափրիկէ, 4-ը Ովկեանիա եւ 2-ը Ամերիկա։

Յայտնենք թէ Նէոքաթեքումենալ շարժումը ծնունդ առած է 1964-ին Մատրիտի մէջ եւ այսօր ներկայ է 128 երկիրներու մէջ աւելի քան 25 հազար հասարակութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.