Վատիկանի մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանը Մարտ 16-ին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէն պարգեւատրուած է Փիոս Պապի ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանով:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութեան տեղապահ արքեպիսկոպոս Ճովաննի Անճելօ Պեչուն դեսպան Մինասեանին յանձնած է Փիոս Պապի ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանը:
Շքանշանի շնորհման մասին Հռոմի Պապի կոնդակին համաձայն՝ Միքայէլ Մինասեանը քահանայապետական այս դասի կոչման արժանացած է` «…իբրեւ ակնառու ապացոյց պաշտօնապէս վկայելու Ձեր հանդէպ ունեցած Մեր բարեսիրութեան» համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |