2016-03-18 08:30:00

Քրաքովիայի Երիտասարդաց 31-րդ օրուան առթիւ ձիթենիի ոստեր Ս. Երկրէն, Ասիզիիէն եւ Մոնթեքասսինոյէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Պապը  պիտի օրհնէ ձիթենիի ոստեր եկած Ս. Երկրէն, Ասիզիիէն եւ Մոնթեքասսինոյէն որոնք ապա պիտի տարուին Քրագովիա` Յուլիսին այնտեղ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուան առթիւ ուր 3 Ապրիլին` ''Ողորմութեան'' կիրակիի օրը պիտի բաժնուին պետական ու կղերական ներկայացուցիչներուն, որպէս հրաւէր հաշտութեան ու համագործակցութեան, մինչ այլ ճիւղեր պիտի բաշխուին Քրաքովիայի քաղաքացիներուն։

Այս նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Պապի Ողորմութեան տարիի կոնդակէն. ''ներումը ոյժ մըն է որ կը յարուցանէ նոր կեանք մը  եւ կու տայ զօրութիւն մը` յոյսով դիտելու ապագան''։

Նախաձեռնութեան նպատակն է յառաջ տանիլ ներումի ու հաշտութեան ճշմարիտ ոգի մը։ Ներումն ու հաշտութիւնը հիմը կը կազմեն ողորմութեան եւ կու տան սրտի խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.