2016-03-18 12:49:00

Քահանայապետի ներկայութիւնը ''Instagram''ի վրայ ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ 19 մարտէն սկսեալ ''Instagram'' համացանցային կայքի վրայ կը մեկնարկէ Քահանայապետական ''Ֆրանչիսկուս'' դիմատետրը, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ բաժնեկցիլ եւ վայելել Ֆրանչիսկոս Պապի լուսանկարները։

Այս մասին  հաղորդեց Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն քարտուղարութեան ընդհանուր կառավարիչ՝ գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ,  Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  որուն մէջ նշեց թէ  ''Ֆրանչիսկոս  Պապ խօսելով  պատկերներու գործածութեան անհրաժեշտութեան մասին  ըսած է ''Երբ մանուկ մը ինծի հանդիպի ինծի կը նուիրէ  գծագրութիւն մը։ Ես հարցումներ կ՛ուղղեմ անոր ու այդ հարցումներու ընդմէջէն մանուկը ինծի կը բացայայտէ իր  գաղափարը''։ Ուստի  ըսաւ Գերապյածռա Վիկանօ  պատկերները լոկ  իրականութիւնը  ներկայացնող պատճէն մը  չէ , այլ՝ անոնք աւելի կ՛արտայայտեն, եւ այս նոր ծրագիրին ընդմէջէն պիտի կարենանք պատկերներով պատմել Քահանայապետութեան մը պատմութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.