2016-03-17 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը միջազգային կազմակերպութեան ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 17 մարտին կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հանդիպեցաւ  Հռոմի մէջ կայացած ''Harvard World Model United Nations'' միջազգային կազմակերպութեան ձեռնարկի  մասնակցող աւելի քան 3000 անդամներուն հետ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց տարբեր ազգերու ու մշակոյթներու պատկանելիութեան համար  որովհտեւ այս մէկը  մտածել կու տայ, ըսաւ Ան, թէ  մարդկային ընտանիքը կազմուած է  հարուստ բազմազանութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա միջազգային միացեալ ազգերուն կազմակերպութեան  եւ անոր   զօրակցական կառոյցներուն, յայտնեց թէ անոնք շատ աւելիով արդիւնաբեր կը դառնան երբ անոնց ծառայութիւնը ուղղուած ըլլայ աշխարհին կարիքաւորներուն եւ մեկուսացեալներուն, եւ այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց որ միջազգային կազմակերպութեան անդամ իւրաքանչիւր ազգ պատրաստակամ գտնուի սոյն ծառայութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ վերոնշեալ միջազգային կազմակերպութեան  հռոմի մէջ իրագործած ձեռնարկին, բարձր արժէքաւորելով զայն,  որովհետեւ, յարեց Ան,  այս մէկը առիթ կը շնորհէ  միատեղ հաւաքելու՝ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանող անձեր, որոնց իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ  իր հարուստ  ձիրքերը եւ ցոյց կու տայ բազմազանութիւններու հարստութիւնը ու մարդկային ընտանիքի ուժեղ կարողականութիւնը։

Սոյն ձեռնարկը առիթ մըն է մէկը միւսէն սորվելու, եւ գիտակցելու թէ  աշխարհի դիմագրաւող իւրաքանչիւր դժուարութեան ետին գոյութիւն ունին այր մարդիկ ու կիներ երեցներ ու երիտասարդներ։  Կան ընտանիքներ, անհատներ, որոնք ամէն օր կը պայքարին խնամք տանելու համար   իրենց զաւակներուն, ու կ՛աշխատին իրենց զաւակներուն ապագաները ապահովուելու  համար։

Այս ընտանիքներուն շարքին կան նաեւ այն ընտանիքները­ որոնք իրենց քաղաքներուն մէջ թիրախ դարձած են բռնութիւններու, պատերազմներուն, անոնք ստիպուած եղան լքելու իրենց օճախները եւ ապաստանութեան դիմելու՝ դառնալով գաղթականներ ու փախստականներ։

Այս ընտանիքները կարիքը ունին ձեր օժանդակութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով ՝՝ անոնք բարձրաձայն կ՝աղաղակեն, անոնք կարիքն ունին եւ արժանի են ձեր որեւէ ջանքին ի սպաս խաղաղութեան արդարադատութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին աւարտին յոյս յայտնեց որ կազմակերպութեան երիտասարդները իրենց այս հանդիպումով փորձարկած եւ տեսած ըլլան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ի սպաս կարիքաւորներուն, աղքատներուն, գաղթականներուն, ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու աջակցութեան ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ յանձնառումը  մարդու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն պահպանման ի խնդիր։

''Կը հաւատանք որ Յիսուս կանչած է մեզ ծառայելու համար մեր եղբայրներուն  ու քոյրերը, խնամք տանելու մէկը միւսին, առանց նկատի առնելու թէ ուրկէ եկած են, առանց   խտրականութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ''Այս մէկը լոկ քրիստոնեաներուն զինանշանը չէ, այլ տիեզերական կոչում մըն է  որ արմատ գտած է մարդկային ընտանիքէն ներս ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառը փակեց բոլոր ներկաներուն վստահեցնելով իր աղօթքը ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.