2016-03-17 10:14:00

Քրիստոնէականի դասընթացքի փակում Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ


Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ կազմակերպուած   «Քրիստոնէականի Հանդիպումներ»ը, զորս կը վարէր Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, իրենց աւարտին հասան   15 Մարտ 2016, երեքշաբթի երեկոյեան 5-րդ  հանդիպումով, որ կեդրոնացաւ առաւելաբար ողորմութեան հոգեւոր եւ մարմնաւոր հրահանգներուն վրայ։

 2016-ի Քառասնորդացին առթիւ կազմակերպուած եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄՔԸ» շրջաբերական նամակին վրայ հիմնուած այս հանդիպումները գործնականին մէջ հանդիսացան Քրիստոնէականի խտացուած դասընթացք մը, «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» հատորի բովանդակութեան հետեւողութեամբ։  Հանդիպումներուն վարիչ վարդապետը շօշափելի վկայակոչումներով ,   օրինակներով  ու   մատչելի բացատրութիւններով պարզեց Ողորմութեան Դէմքը, զոր կոչուած են ապրելու հաւատացեալները ամբողջ այս տարուան ընթացքին։ Հանդիպումները միաժամանակ հանդիսացան  անոնց հետեւող շուրջ յիսուն հաւատացեալներուն համար իրենց քրիստոնէական դաստիարակութիւնը խորացնելու  առիթներ։ Անոնք՝ հանդիպումներուն յաջողութեամբ պսակումին վկայութիւնը տուին իրենց գոհունակութիւնը արտայայտելով Քրիստոնէականի նոր դասընթացքներու  առիթներ ունենալու ակնկալութեամբ՝ մինչ կը համախմբուէին լուսանկարի գործիքի ոսպնեակին դիմաց, անմոռանալի դարձնելու համար առիթը։

Նշենք որ այս հանդիպումները կը սփռուին «Նուր Էլ Շարք» հեռատեսիլի կայանէն , ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ You Tube կայանէն։

Կարելի է դիտել նաեւ youtube-ի Լոյս Զուարթ canal-էն, այս կապին միջոցաւ: https://www.youtube.com/channel/UCqVFh3RlzK8TrCxXpiZLmFQ

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.