(Ռատիօ Վատիկան) Լեւոն 13-րդ Պապը` 14 Մարտ 1891-ին հակադրելով այդ շրջանի գիտական մարդոց ամբաստանութիւնները, ըստ որոնց եկեղեցին հակառակ է ամէն տեսակ գիտական յառաջդիմութեան, հրահանգեց վերահաստատել վատիկանի աստղադիտարանը։
Վատիկանի աստղադիտարանը սկսած էր գործել 16-րդ դարուն` Գրիգոր 13-րդ Պապի կամքով, ճիշտ 1578-ին, վատիկան բերել տալով Յիսուսեան աստղագէտներ եւ թուաբանագէտներ պատրաստելու տարեցոյցի վերանորոգումը, որ ի զօրու եղաւ 1582-ին։ Այդ թուականէն սկսեալ Ս. Աթոռը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է աստղագիտութեան նկատմամբ։ Այդ աւանդութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ շնորհիւ Յիսուսեան հայր Angelo Secchi-ի աշխատասիրութեան, որ առաջինը եղաւ զատորոշելու աստղերը անոնց լուսապատկերի հիման վրայ։ Լեւոն 13-րդ Քահանայապետը լռեցնելու համար զրպարտութիւնները, վճռեց վերահաստատել վատիկանի աստղադիտարանը 14 Մարտ 1891-ին` 125 տարի առաջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |