ՄԱԿ-ի կողﬕ հռչակուած Երջանկութեան օրուան` Մարտ 20-ին ընդառաջ հրապարակուած է աշխարհի ամէնաերջանիկ երկիրներու նոր ցուցակը: Ինչպէս հաղորդէ «Արէնփրես»-ը, Հայաստանը 157 երկիրներու շարքին գրաւած է 121-րդ տեղը:
Ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցուցակի կազմութեան ժամանակ հաշուի առնուած են երկիրներուն ﬔկ շունչի հաշիւով ՀՆԱ-ն, ընկերային աջակցութիւնը, առողջ կեանքի տեւողութիւնը, կեանքի մէջ ընտրութիւն կատարելու ազատութիւնը, առատաձեռնութիւնը եւ կաշառակերութիւն:
Ցուցակին առաջին տասը տեղերը կը գրաւեն Դանիան, Զուիցերիան, Իսլանտան, Նորվեգիան, Ֆինլանտիան, Գանատան, Հոլանտան, Նոր Զելանտիան, Աւստրալիան եւ Շուէտը:
Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստանը 126–րդն է, Ատրպէյճանը` 81-րդը, Իրանը` 105-րդը եւ Թուրքիան` 78-րդը: Ռուսիան կը գրաւէ 56-րդ տեղը, իսկ Միացեալ Նահանգները` 13-րդ: Ցուցակին վերջին տեղերը կը գրաւեն Պենինը, Աֆղանիստանը, Թոկոն, Սուրիան եւ Պուրունտին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |