2016-03-17 10:07:00

Կարդինալ Փարոլին. ''Կարելի չէ իսկական խաղաղութեան ձգտիլ առանց Ողորմութեան Դուռին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 15 Մարտ 2016-ին, Հռոմի ''Փալացցօ Ճուսթինեանի'' պալատի ''Ծուքքարի'' դահլիճին մէջ, Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն յայտարարութեան առաջին տարուայ եւ  Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան երրորդ տարեդարձի առթիւ, բացումը կատարուեցաւ Յոբելենական տարիներու պատմութեան հայող ցուցահանդէսին` 1300էն մինչեւ մեր օրերը,  որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Այս առթիւ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի Պետքարտուղարը դատապարտելով Սուրիացի ժողովուրդին կրած անասելի տառապանքը ու մտահոգութիւն յայտնելով ի տես քաղաքական բանակցութիւններու անկայունութեան, յոյս յայտնեց որ Ռուսիայի զօրքերու ետ քաշելու որոշումը նպաստէ բանակցութիւններու նոր ընթացքի ու զարգացումին ապա մաղթեց որ Ողորմութեան Յոբելեանը ազդեցութիւն ունենայ նաեւ քաղաքական գետնի վրայ։

''Յոբելեանը Եկեղեցւոյ համար առիթ է աշխարհին հռչակելու թէ Աստուած միշտ տրամադիր է մարդկութեան հետ ընթացքը վերսկսելու եւ թէ Ան մեր առած փոքրիկ մէկ քայլի դիմաց պատրաստ է հազար քայլեր ընելու ընդառաջելու համար մեզի ու մեզի պարգեւելու համար խաղաղութիւնը'' ըսաւ կարդինալ Փարոլին ապա ընդգծեց թէ ''կարելի չէ իսկական խաղաղութեան մը ձգտիլ եթէ Ողորմութեան Սուրբ Դռնէն չ՛անցնինք, առանց այն քաջութեան եւ այն իմաստութեան որոնք կ՛ընգրկեն նաեւ արդարութիւնը։ Արդարութիւն եւ Ողորմութիւն , ինչպէս հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, երկու հակասական երեւոյթներ չեն, այլ մէկ իրականութեան երկու չափանիշներ որ աստիճանաբար կը զարգանայ մինչեւ իր գագաթնակէտը` որ է սիրոյ լիութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.