2016-03-16 09:41:00

Հանդիպում ու ցուցադրութիւն հարստահարուած քրիստոնեաներ նիւթով


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ աւելի քան երբեք կանչուած ենք ցոյց տալու մեր ողորմութիւնն ու մօտիկութիւնը Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն'' այս է Աւագ ուրբաթ օրուայ դրամահաւաքի առթիւ  Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ` կարդինալ Սանտրիի  քրիստոնեաներու ուղղած նամակին մէջ պարունակուած կոչը որուն մէջ կը յայտնէ նաեւ թէ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքը կը շարունակուի, բաւարար է յիշել անցեալ 4 Մարտին չորս մայրապետներու սպանութիւնը։ Ասիկա ապացոյց մըն է որ քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքը կը շարունակուի։ Ողորմութեան յոբելեանին առթիւ ցոյց տանք մարդոց` Հօր Աստուծոյ գթառատ ողորմութիւնը'' գրած է միշտ Կարդինալ Սանտրի։

Դրամահաւաքի առթիւ` 18 Մարտէն 3 Ապրիլ Հռոմի ֆրանչիսկեան հայրերու վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը` Միջին Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաներու նիւթին մասին։

Յայտնենք որ կարդինալ Սանտրի վերջին տարիներուն այցելեց Ս. Երկիրը, Իրաքը ու Միջին Արեւելքը հաղորդելու ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութիւնը հանդէպ հալածուած քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.