2016-03-16 09:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խորամանկ, Բայց Ո՛չ Խաբեբայ

Այս  երկու բառերը ՜՜Խորամանկ եւ Խաբեբայ՝՝ ինչքան ալ ոմանք իրարու հետ շփոթեն, սակայն տակաւին տարբերութեան հսկայ պատով մը անոնք իրարմէ կը զանազանուին: Յիսուս «Խորագէտ» բառը պիտի գործածէր, պատուիրելով իր հետեւորդներուն խորագէտ ըլլալ օձերու պէս, սակայն ի պահանջելու հարկին ըլլալ նաեւ միամիտ՝ աղաւնիներու նման:

Առօրեայ կեանքը իր բոլոր երեսներով՝ ընտանեկան, ընկերային, աշխատանքային, նոյնիսկ կրօնական ու քաղաքական իր խմբաւորումներով, դժուարին եւ բարդ իրավիճակ մը կը պարզէ ներկայիս: Ընտանիքը, որ ամէնէն սեղմ ու հարազատ յարկն է, մեզի այնպէս կը թուի, թէ անկեղծագոյն միջավայրն է: Սակայն հոն եւս կը հանդիպինք դժուարութիւններու, որոնք երբեմն անլուծելի մնալով վերջնական «լուծումներու» կը յանգին՝ խզումի այլընտրանքով: Ուրեմն, անձնական հաշիւներ, կողմնակցութիւններ, շահադիտական մօտեցումներ եւ սեփական քաղաքականութեան յատուկ նախասիրութիւններ պատճառ կը հանդիսանան, որ ամէնէն նեղ միջավայրէն եւս անկեղծութիւն բացակայի:

Խորամանկութիւնը, կամ Յիսուսի մտածողութեան  բառով՝ խորագիտութիւնը, դրական կենցաղակերպ է, երբ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած, մարդ իր կեանքը կ՛ապրի այս աշխարհի բազմագոյն իրականութեան մէջ: Այս բառին աւելի մեղմ կամ «քաղաքակիրթ» իմաստ եթէ ուզենք տալ, կրնանք զայն անուանել «Շրջահայեցութիւն»: Թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ շրջապատիդ մէջ քու անձիդ նկատմամբ, պէ՛տք է տեղեակ ըլլաս: Այլապէս, ստախօսներ, զրպարտողներ, նախանձորդներ ու բամբասողներ ոջիլի պէս կը վխտան շուրջդ ու առանց գիտութեանդ նաեւ գլխուդ մազերուն մէջ կը բնակին եւ կը սնանին անոնց արմատները կրծելով, օր մը քեզ իրենց նման ճաղատ դարձնելու համար:

Կրնանք ըսել՝  որ խորագէտ կամ խորամանկ ըլլալը այս կեանքին մէջ, նախազգուշութիւն մըն է, կամ շրջահայեցութիւն, ապահով անցնելու համար առօրեայ կեանքի ճանապարհէն:

Գալով խաբեբայութեան՝ որ ոմանց համար հոմանիշ է խորամանկութեան, մենք պիտի ըսենք, թէ անոնք չարաչար կը սխալին: Մինչ խորամանկութիւնը ինքնապաշտպանողական նախազգուշութիւն մըն է, անդին խաբեբայութիւնը անձէն բացի, նաեւ դիմացինին համար վնասակար ունակութիւն մըն է:

Խորամանկութիւնը «ցանկապատ» մըն է, զոր մեր ձեռքերով մեր շուրջը կը քաշենք, արգիլելով օտար մարդոց ներս թափանցելու համարձակ կամ գաղտնի փորձերը:

Մինչ խաբեբայութիւնը «թակարդ» մըն է, զոր կը լարեն անպայման մէկը բռնելու նպատակով: Թակարդին բարի տեսակը չկայ, ո՛չ ալ անոր նպատակը բարի կրնայ ըլլալ:

Կեանքը եւ մեզ շրջապատող մարդիկ պէտք է մեզ դաստիարակեն ամէն օր, որովհետեւ աշխարհը իր անհաւասարակշիռ քաղաքականութեամբ, իսկ մարդիկ իրենց փոքրոգի խաբեբայութեամբ ամէն վայրկեան կրնան «ուսուցումներ» կատարել մեզի: Խորամանկ կամ խորագէտ եթէ չըլլանք, կեանքի այդ «դասաւանդութիւններէն» ո՛չ մէկ բառ կը հասկնանք: Իսկ եթէ սորվինք այս ճիւղը ու մասնագիտանանք անոր մէջ, անպայման պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս խաբեբաները իրենք պիտի բռնուին, իրենց լարած թակարդներուն մէջ, եւ չորս ոտքերով, ճարպիկ ու փորձառու աղուէսներու պէս:

Ըլլալ,   խորամանկ, խորագէտ՝ այո:  Սակայն,  խաբեբայ՝ ո՛չ:

Այս է կեանքէն եկող իմաստութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.