2016-03-16 12:03:00

՝՝Ողորմութիւն եւ մխիթարութիւն՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապի 16 մարտի հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 16 մարտի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քանանայապետի, շնորհած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան նիւթը եղաւ ''Աստուծոյ Ողորմութիւնն  ու մխիթարութիւնը''։ Անդրադառնալով  Երեմիա Մագարէի 30 եւ 31-րդ գլուխներուն, Քահանայապետը զանոնք համարեց մխիթարութեան գիրքեր, որովհետեւ անոնց մէջ Աստուծոյ Ողորմածութիւնը՝  իր ամբողջ կարողականութեամբ կը ներկայացուի որպէս  սփոփանք  որ խոցուած սիրտերը կը բանայ  յոյսի ։

՝՝Երեմիա մարգարէն , օտար երկիր տարագրուած Իսրայելցիներուն՝ աւետեց դէպի հայրենիք վերադարձի  լուրը։  Այս վերադարձի լուրը,  նշան է  Հօր Աստուծոյ անհուն սիրոյ՝ որ չի թողուր իր զաւակները, այլ անոնց հանդէպ խնամակալ եւ Փրկարար է ՝՝ ընդգծեց  Սրբազան Հայրը,

Տարագրութիւնը ՝ Իսրայելի ժողովուրդին  համար դժուարին փորձարարութիւն մըն էր։ Անոնց հաւատքը խախտած էր, որովհետեւ կը գտնուէին օտար երկրի մը մէջ  առանց տաճարի, առանց պաշտամունքի,  կործանուած քաղաքի մը մէջ, այնուհետեւ դժուար կը թուէր անոնց շարունակել հաւատալ Աստուծոյ  բարութեան – յարեց Քահանայապետը ու հաստատեց թէ ՝՝Մենք եւս երբեմն կրնանք ապրիլ  տարագրութեան նման  պահեր,  երբ՝  միայնակ կեանքը,  տառապանքը,  մահը մեզի մտածել  կու տան՝ որ լքուած ենք Աստուծոյ կողմէ։

Քանի եղբայրներ, քոյրեր  այս պահուն կ՝ապրին իսկական եւ ողբերգական աքսորի  մէջ, հեռու իրենց հայրենիքէն, իրենց աչքերուն մէջ  դրոշմուած  քանդուած տուներու պատկերները, իրենց սիրտերը լի անձկութեամբ՝ ահ ու թողով – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ ''Այսպիսի  պարագաներուն մէջ անձ մը հարց կու տայ  թէ ո՞ւր է Աստուած։  Ինչպէ՞ս կարելի է նման հսկայ տառապանք մը որ կը խլէ անթիւ այրերու, կիներու անմեղ մանուկներու հոգիները''։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց գաղթականներուն ու փախստականներուն, որոնք յաճախ գոց դռներու դիմաց կը գտնուին։ Առանց ուտելիքի ցուրտի մէջ։ Պիտի ուզենայի որ ազգերն ու կառավարիչները բանան իրենց սրտերը ու բանան իրենց դռները։

Այս բոլոր հարցումներու  պատասխանը մեզի կուտայ Երեմիա մարգարէն ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Մարգարէի գիրքէն հատուածներ ու վերահաստատելով թէ ՝՝Տարագրութեան  մէջ գտնուող ժողովուրդը պիտի կարենայ վերադառնալ եւ տեսնել իր հայրենիքը եւ  հոն   փորձարկել Տիրոջ Ողորմութիւնը։

Աստուած բացակայ չէ, Աստուած մօտիկ է , եւ Փրկութեան հսկայական գործեր կը կատարէ անոնց որոնք իրեն կը վստահին։   Պէտք չէ յուսահատութեան մատնուիլ,  այլ շարունակել վստահութիւն ունենալ  թէ բարին պիտի յաղթէ չարին,  թէ Տէրը պիտի սրբէ  մեր արցունքները եւ պիտի ազատէ ամէն տեսակ վախէն։

Տէրը հաւատարիմ է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ-  Ան  չի լքեր  մեզ  յուսահատութեան մէջ։ Աստուած կը սիրէ անհուն սիրով` եւ մեր մեղքը չի կրնար կասեցնել այդ սէրը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դարձեալ  մէջբերեց  Երեմիա Մարգարէի մի քանի համարներ եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով  

Տարագրեալները պիտի վերադառնան Սիոն քաղաք եւ հոն  պիտի բարձրանան դէպի սուրբ  լեր՝ դէպի Աստուծոյ տունը, եւ այսպէսով նորից պիտի աղօթեն Տիրոջ ՝որ զիրենք ազատագրեց։

Երեմիա Մարգարէի  աւետիսը, այսինքն ՝ տարագրեալներուն վերադարձի լուրը   խորհրդանիշ է դարձի եկող սիրտի  մխիթարութեան։ ։

Տէրը,  Յիսուս իր կարգին ամբողջացուց այս մարգարէական պատգամը։

Իսկական տարագրութենէն  վերջնական  վերադարձը եւ  հաւատքի տագնապէն բխած խաւարի մխիթարիչ յոյսը  կ՝իրականանայ Սուրբ  Զատկուան մէջ, Աստուծոյ սիրոյ վերջնական փորձառութեան մէջ, Ողորմած սէր որ  կը պարգեւէ ուրախութիւն , խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.