2016-03-15 10:13:00

19 Մարտ 2016-ին ֆրանչիսկոս Պապը կ՛օծէ երկու եպիսկոպոսներ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Յառաջիկայ 19 Մարտ  2016-ին,տօն Ս. Յովսէփ Աստուածահօր, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի օծէ երկու նոր եպիսկոպոսներ յանձին սպանացի 63 ամեայ գերապայծառ Ayuso Guixot-ի`  միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար եւ 52 տարեկան գերապայծառ Bryan Wells,  Հարաւային Ափրիկէի մօտ առաքելական դեսպան։

Օծման պատարագը, կը հաղորդագրէ ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը, տեղի պիտի ունենայ ս. Պետրոս տաճարին մէջ` առաւօտեան ժամը 10-ին։

Նշենք որ 19 Մարտին կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական գահակալութեան 3-րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.