2016-03-14 14:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնները Անգարայի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի դէպքերու իր լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Անգարայի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեան ի լուր, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, երկուշաբթի, 14 մարտին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիր ուղղեց Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան խորին ցաւակցութիւնը անմեղ զոհերուն համար եւ անոր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը Թուրքիոյ համայն ժողովուրդին։ Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ վստահեցուց Ֆրանչիկիսո Պապին աղօթքը ննջեցեալներուն հոգիներու յաւիտենական  հանգստութեան համար մաղթելով  շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութեամբ։  Միշտ երկուշաբթի 14 Մարտին,  Կարդինալ Փարոլին հեռագիր ուղղեց  նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի  Grand-Bassam թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ռայմոնտ Ահուայի, 13 մարտին քաղաքը ցնցած ահաբեկչական յարձակումին ի լուր։  Վատիկանի Պետական Քարտուղարը հեռագիրին որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները ՝անմեղ զոհերուն  համար ինչպէս նաեւ անոր հոգեւոր մօտիկութիւնը՝ վիրաւորներուն հանդէպ։

Կարդինալ Փարոլին   հեռագիրին մէջ գրեց  , թէ Ֆրանչիսկոս Պապ   Փղոսկրեայ Ափունքի Ժողովուրդին յայտնելով իր ցաւակցութիւնը, անգամ մը եւս կը դատապարտէ բռնութիւնն ու ատելութիւնը` իր բոլոր ձեւերով, Քահանայապետը   Փղոսկրեայ Ափունքի  ժողովուրդին եւ անմեղ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն վրայ  կը հայցէ Աստուածային օրհնութիւնները''։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.