2016-03-14 11:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Տէրը միշտ մեր հետն է հակառակ ''մռայլ հովիտներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ցուրտէն մահացած թափառաշրջիկը, Եամանի մէջ սպաննուած Մայր Թերեզայի մայրապետները, մարդիկ որ կը հիւանդանան մարդուն պատճառած աղէտներու հետեւանքով...բոլորը ողբերգական իրողութիւններ են։ Ժամանակակից այս ''մռայլ Հովիտներու'' դիմաց մեր միակ պատասխանը Աստուծոյ վստահիլն է։ Նոյնիսկ երբ կարողութիւնը չունինք հասկնալու, յանձնուինք Տիրոջ ձեռքերուն, որ երբեք միայնակ չի թողուր իր ժողովուրդը։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները Ֆրանչիսկոս Պապ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց ժամանակակից դժուար պահերու եւ անցուդարձներու վրայ, հաստատելով թէ հակառակ ''մռայլ հովիտներուն'' մենք պէտք չէ վախնանք, որովհետեւ Տէրը մեզ երբեք չի լքեր։

''Երբ դուն տեսնես մարդիկ  որ սովէ կը մեռնին եւ կը նշմարես անկար մանուկներ եւ կամ հազուագիւտ հիւանդութենէ տառապող փոքրիկներ հարց կու տաս ''Ո՞ւր ես Տէր''։ Երբ տեսնես բազմաթիւ գաղթականներ ու փախստականներ որոնց առջեւ դռները կը փակուին ու կը տառապին ցուրտէն եւ անօթութենէն հարց կու տաս ''Ո՞ւր ես Տէր'' ըսաւ Քահանայապետը ապա հարց տուաւ ''Ինչո՞ւ մանուկ մը կը չարչարուի'' ու պատասխանեց ''չեմ գիտեր։ Խորհուրդ մըն'' ապա յորդորեց հետեւիլ Յիսուսի օրինակին, յանձնուիլ Աստուծոյ, ինչպէս Ան ըրաւ Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ եւ ապա Խաչին վրայ ''Ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս''։

Այս է հաւատքի ներգործութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ` յանձնուիլ։ Ապա, քարոզին աւարտին ակնարկեց բազմաթիւ այն հարցերուն որոնց ականատես ենք մեր առօրեային մէջ ու հրաւիրեց յանձնուիլ Տիրոջ, թէեւ շատ մը իրողութիւններ մեզի տարօրինակ եւ անարդար կը թուին։ Ան ապա աղօթեց ''Տէր չեմ հասկնար սակայն քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնուիմ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.