2016-03-14 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Տուպայի մէջ կայացած գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 13 մարտին,  վերջ գտաւ Տուպայի մէջ   կայացած դաստիարակութեան նուիրուած  համաշխարհային  գիտաժողովը,  որ   ունէր որպէս նիւթ  ՝՝հանրային դաստիարակչութեան ի սպաս հաւաքական աւելի մեծ պատասխանատուութիւն՝՝

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց գիտաժողովի մասնակիցներուն, որուն  մէջ բարձր արժեւորելով դաստիարակիչներուն  դերակատարութիւնը  հաստատեց , թէ անոնք մարդկութեան արուեստագէտներն են , խաղութեան եւ հանդիպումի կերտիչները։

Ապա Նորին Սրբութիւնը  քաջալերանքի խօսք ուղղեց աշխարհի բոլոր ուսուցիչներուն, ու յորդորեց աւելի ջանք թափել  ստեղծելու համար  ամբողջական  զօրակցական ընկերութիւն մը համագործակցելով  նաեւ  Արժանթինի մէջ հիմնուած  ՝՝Scholas Occurrentes՝՝ միջազգային կազմակերպութեան հետ, որ կը գործէ աշխարհին խաղաղութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհաւորեց ՝՝2016 տարուայ լաւագոյն ուսուցիչի՝՝  մրցանակին արժանացող Պաղեստինցի դասատու Հանան Ալ Հրպուն, որ մանուկներու դաստիարակութեան ծիրէն ներս հնարած է խաղի միջոցաւ դաստիարակութեան նոր ձեւեր,  ապա  ընդգծեց խաղի կարեւորութիւնը մանուկներուն դաստիարակութեան մարզէն ներս ընդգծելով թէ մանուկը իրաւունք ունի խաղալու եւ թէ խաղին ընթացքին կը սորվինք ուրիշներու հետ վարուիլ ու սորվիլ կեանքի ուրախութիւնը''

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ''անդաստիարակ ժողորուդը մը,  պատերազմներու եւ այլ պատճառներու հետեւանքով, անկումի մէջ ժողովուրդ մըն է'' ապա մաղթանք յայտնեց, որ ''կառավարութիւնները գնահատեն ուսուցիչներուն  վսեմ պարտականութիւնը''։

Յայտնենք, թէ լսատեսողական պատգամին աւարտին, Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ ` խաղաղութիւնը յատկանշող ձիթենիի մը ծառատունկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.