2016-03-14 08:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Լեհաստանը կ՛այցելէ 27 -31 Յուլիս 2016։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ ''Քրաքովիայի մէջ նշուելիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ, եւ ընդառաջելով Լեհաստանի հանրապետութեան եւ Լեհացի եպիսկոպոսներու հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ` 27 – 31 Յուլիս 2016. հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Լեհաստան''։

Վերոնշեալ յայտարարութեան առթիւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան յայտագրի նախագիծի ներկայացումը։

Սրբազան Հայրը Քրաքովիա կը հասնի չորեքշաբթի 27 Յուլիսին ուր առաջին հանդիպումներ կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահի ու եպիսկոպոսական դասին հետ։ Երեկոյեան Սրբազան Հայրը Քրաքովիայի առաջնորդարանի պատշգամէն կ՛ողջունէ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ճիշդ այն պատշգամէն ուր Ս﹒ ՅՊԲ Քահանայապետը սովոր էր զրուցել երիտասարդներուն հետ։

Հինգշաբթի 28 Յուլիսին կը նախատեսուի Czestochowa-ի Սեւ Տիրամօր սրբավայրին առանձնական այցելութիւնը ուր Սրբազան Հայրը լռելեայն աղօթք պիտի կատարէ ապա պատարագ պիտի մատուցէ Լեհաստանի քրիստոնէացումին 1050-րդ տարեդարձին առթիւ։

Ուրբաթ 29 Յուլիսի առաւօտուն Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Auschwitz-Birkenau հրեաներու ողջակիզումի կեդրոնը։ Իսկ յետմիջօրէին Քրաքովիայի հրապարակին վրայ նախատեսուած է ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը։։

Շաբաթ 30 Յուլիսին` այցելութիւն Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրին Łagiewniki-ի մէջ։ Սրբազան Հայրը պիտի անցնի սրբավայրի ս﹒ Դուռէն եւ ապա պիտի ուղղուի սրբուհի Faustina Kowalska-ի մատուռը։ Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  պատարագ պիտի մատուցէ կղերական դասին ու ժառանգաւորներուն հետ։ Նախատեսուած է նաեւ որ Սրբազան Պապը խոստովանցնէ մի քանի երիտասարդներ ապա անոնց հետ սիրոյ սեղանը բաժնեկցի։

Երեկոյեան` տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան աղօթքի հսկումը եւ Կիրակի 31 Յուլիսի առաւօտուն, տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուան եզրափակիչ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը ապա յետմիջօրէին, նախ քան ողջերթի արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՛ ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան կամաւորներուն ̦ կազմակերպիչներուն եւ բարերարներուն հետ հուսկ հրաժեշտ առնելով Լեհաստանէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.