2016-03-14 09:53:00

Ահաբեկչական պայթիւն մը Անգարայի մէջ պատճառած է աւելի քան 27 զոհ եւ 75 վիրաւոր


Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Քըզըլա շրջանին մէջ կիրակի, 13 մարտի երեկոյեան, որոտացած է ահաբեկչական պայթիւն մը: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն` Աթաթուրքի զբօսայգիին մօտ տեղի ունեցած պայթիւնին հետեւանքով զոհուած է 27, վիրաւորուած 75 քաղաքացի: Ըստ Ermenihaber-ի` լրատուամիջոցները յայտնած են, որ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ:

Թրքական «Milliyet» կայքին տեղեկութիւններով՝ հեռուստառատիոընկերութեան բարձրագոյն խորհուրդը արգելք դրած է թեմային լուսաբանման վրայ:

Ականատեսներու վկայութեամբ` ինքնաշարժ մը մօտեցած է քաղաքապետարանի հանրակառքին եւ պայթած: Նախնական վարկածով` ահաբեկիչները պայթեցուցած են ռումբով բեռնուած ինքնաշարժ:

Անգարայի մէջ յայտարարուած է տագնապ. ոստիկանական ուժերը  կ՝իրականացնեն կանխարգելիչ քայլեր՝ կանխելու համար հնարաւոր 2-րդ պայթիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.