2016-03-12 12:15:00

ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ս. Աթոռի Վերին Ատեանի դասընթացքին հետեւողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Վերին Ատեանը  սուրբ պսակի եւ ամուսնութեան նոր օրէնքներու հայող դասընթացք մը կազմակերպած է որուն աւարտին` Շաբաթ 12 Մարտ 2016-ի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը ընդունելով դասընթացքի մասնակցող բոլոր անդամները անոնց ուղղեց հայրական խօսք մը որուն մէջ ըսաւ ''Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին ի յայտ եկաւ հարկաւորութիւնը աւելի հեշտ ու ազդու դարձնելու ամուսնական անվաւերութեան դատը։ Բազմաթիւ են արդարեւ այն հաւատացեալները, որոնք կը տարակուսին կամ կը հարցադրեն իրենց ամուսնութեան վաւերականութեան մասին։ Շատ մը պարագաներու ընթացքին հաւատացեալները դժուարութիւն կը գտնէին եկեղեցական  իրաւական կառոյցներուն հասնիլ եւ բաղձանք կը յայտնէին որ դատը պարզ դարձնել։

Մղուած եկեղեցական փորձառութենէն, սէրէն ու կարեկցութենէն, Եկեղեցին կ՛ուզէ աւելի մօտ ըլլալ իր այս զաւակներուն եւ ընդառաջել անոնց արդար փափաքին։ Այս առընչութեամբ անցեալ 15 Օգոստոսին, հրատարակուեցան վաւերաթուղթեր, որ կը դրսեւորեն Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը այդ հաւատացեալներու նկատմամբ։ Այդ ուղղութեամբ ջնջուեցաւ կրկնապատիկ վճիռը, ընթացք տալով հակիրճ դատավարութեան, որուն անմիջական պատասխանատուն եղաւ թեմին եպիսկոպոսը։

Կը քաջալերեմ ձեզ լաւ գործադրելու դասընթացքի ընթացքին ուսուցանուած նիւթերը, ձեր աչքին առջեւ միշտ ունենալով հոգիներուն փրկութիւնը, որ Եկեղեցւոյ գերագոյն օրէնքն է։

Եկեղեցին Մայր է,  կ՛ուզէ բոլորին ցոյց տալ Աստուծոյ սիրալիր ու ողորմած դիմագիծը, միշտ պատրաստ ոյժ եւ յոյս տալու իր բոլոր զաւակներուն։

Բազմաթիւ են այն կիներն ու այրերը որոնք սիրայօժար կը տանին իրենց բեռը չքանդելու իրենց ընտանիքը ու հաւատարիմ մնալու իրենց տուած խոստումին։

Շնորհակալ եմ ձեր յանձնառումին արդարութեան ի խնդիր ու կը քաջալերեմ ձեզ որ այդ յանձնառումը չապրիք որպէս արհեստ մը եւ աւելի վատ, որպէս իշխանութիւն մը, այլ որպէս սպասարկութիւն հոգիներուն ու յատկապէս վիրաւոր հոգիներուն։

Տէրը թող ձեզ օրհնէ ու Աստուածածինը ձեր պաշտպանը թող ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.