2016-03-12 10:02:00

Ս﹒ Աթոռը կը խնդրէ պայքար մղել ''Սիտայի'' դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մօտ Ս﹒ Աթոռի ներկայացուցիչ`  գերապայծառ Richard Gyhra խօսք առնելով Ժընեւի մէջ կայացած մարդկային իրաւունքներու մասին 31-րդ նիստին հաստատեց թէ հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը պաշտպան կանգնի աղքատ երկիրներուն և առանց խտրականութեան գործէ բոլոր ժողովուրդներու առողջապահութեան հարցերը լուծելու համար։

Կարելի չէ որ տնտեսական շահերը գերադասեն մարդու իրաւունքները  քանի Մարդու իրաւունքներու Տիեզերական Յայտարարութիւնը կը ճանչնայ բոլոր անհատներու առողջապահութեան իրաւունքը։ Գերապայծառ Richard Gyhra խնդրեց որ անխտրաբար բոլոր մարդիկը` հարուստ թէ աղքատ, կարելիութիւնը ունենան խնամուելու եւ այս առընչութեամբ  ազգային բոլոր պետութիւնները որդեգրեն ռազմավարութիւն մը կանխարգիլելու ու պայքարելու Սիտայի հիւանդութեան դէմ։ Գերապայծառ Կիրա  յիշեցուց որ վերջին 30 տարիներուն Սիտա հիւանդութիւնը մահ ու տառապանք պատճառած է միլիոնաւոր անհատներու ու իր ետին թողած է անհամար մանուկ որբեր, կործանելով աւելի քան 30 միլիոն ընտանիքներ ու հասարակութիւններ։

Վատիկանի դիւանագէտը իր միջամտութիւնը եզրափակած է մէջբերելով ֆրանչիսկոս Պապի հետեւեալ խօսքը﹒ ''տնտեսութիւնը պէտք չէ վնաս հասցնէ պետութիւններու առողջապահական դրութեան ու ընկերային պաշտպանութեան, ընդհակառակը ան պէտք է նպաստէ առողջապահութեան բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.