2016-03-12 09:24:00

Թուրքիոյ Քրիստոնեաները կը շարունակեն դժուարութիւններ դիմագրաւել


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Բաց Դռներ» անունով հաստատութիւնը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Ամերիկայի մէջ եւ որ կը հետեւի աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու հաւատքի ու խօսքի ազատութեան մարզերէն ներս դիմագրաւուած հարցերուն, հրապարակած է իր տարեկան տեղեկագիրը, որուն համաձայն՝ Թուրքիա կը գտնուի ցանկին վրայ այն յիսուն երկիրներուն, ուր քրիստոնեաները ամէնէն աւելի բռնութեան ու ճնշումներու կ՛ենթարկուին։ Թուրքիա այդ ցանկի 45րդ դիրքին վրայ է, իսկ ցանկին գլուխը կը գտնուի Հիւսիսային Քորէան։ Ատրպէյճան կը գրաւէ 34րդ տեղը։

Տեղեկագիրին մէջ արժեւորումներ կատարուած են՝ յիշեալ երկիրներուն մէջ եկեղեցական կեանքը դժուարացնող վարչական ու օրինական արգելքները նկատի ունենալով։ Թուրքիա, այս արգելքներու տեսակէտէն, ժխտական նիշ առած երկիրներէն մէկն է, որովհետեւ երկրին մէջ Հայոց եւ Յունաց պատրիարքարաններն ու Կաթոլիկ եկեղեցին իրաւական կարգավիճակ չունին, եկեղեցի մը բանալու համար արգելքներ կան եւ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած յարձակումները մեծաւ մասամբ անպատիժ կը մնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.