2016-03-12 14:03:00

Զ. Կիրակի Քառասնորդաց Գալստեան Կիրակի (ՄատթԻԲ. 34 – ԻԳ.12) Ո՞րն է Մեծագոյն Պատուիրանը


Յիսուս կ՛ըմբերանէ Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները, որոնք իրենք զիրենք կը սեպէին ուսեալ եւ օրէնսգէտ եւ կ՛ուզէին զինք ծուղակի մէջ ձգել զանազան երկդիմի հարցումներով։ Հարց կու տան իրեն թէ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։

Ամէnքը շատ լաւ գիտեն թէ մեծագոյն պատուիրանն է առաջինը, այսինքն բոլոր սրտով ու հոգւով պաշտել միակ Աստուածը։ ԶԱստուած պաշտելու համար, հարկ է անոր պատուիրանները պահել, իսկ պատուիրաններուն մէջ կայ շաբաթ օրուան հաnգիստի եւ գործէ դադրելու պատուիրանը, որուն դէմ յաճախ կը պակսի Յիսուս, որովհետեւ ինքիրեն թոյլ կու տայ չյարգել այս երրորդ պատուիրանը, բուժելու համար հիւանդները, կամ բարիք ընելու համար ժողովուրդին։

Քրիստոս լաւ ըմբռնած է անոնց ծուռ միտքը եւ կու տայ իր պատասխանը ճիշդ տեղին. Ան կը կցէ առաջին պատուիրանին` այսինքն Աստուծոյ սիրոյն, երկրորդ պատուիրանը, որն է սիրել ընկերը իր անձին պէս։ Երկուքը գրեթէ մէկ պատուիրան կը կազմեն եւ կարելի չէ անջատել մին միւսէն, որովհետեւ միասնաբար անոնք կը կազմեն հիմնական Օրէնքը, որմէ կախում ունին միւս բոլոր օրէնքներն ու մարգարէներու պատուիրածները։ Կարելի չէ աւելի յստակ բացատրութիւն տալ Աստուծոյ օրէնքին մասին. Ով որ պահէ այս երկու պատուիրանները, բոլոր օրէնքը պահած կ՛ըլլայ։

Յովհաննէս առաքեալ շատ լաւ հասկցած է Յիսուսի այս տուած պատուիրանը. մեզի կը պատգամէ ինք եւս թէ ինչպէ՞ս կարելի է սիրել զԱստուած որ չենք տեսներ, եթէ նախ չսիրենք մեր ընկերը զոր կը տեսնենք։ Ամէն մարդ կրնայ հաստատել թէ կը սիրէ զԱստուած, կ՛աղօթէ անոր ու երկրպագութիւն կը մատուցանէ. Տաճար աղօթքի ելած փարիսեցին ալ Աստուծոյ հանդէպ շատ յարգալից էր ու օրինապահ. Սակայն երբ սկսաւ արհամարհանքով վերաբերիլ մաքսաւորին հանդէպ ու պախարակել անոր ընթացքը, նովին գործով կորսնցուց Աստուծոյ առջեւ ամէն արժանիք ու ամէն շնորհք։

Ով որ պաշտամունք կը մատուցանէ Աստուծոյ, շատ լաւ բան մը կ՛ընէ։ Սակայն հոն եւս Յիսուս կը խրատէ, որ եթէ պաշտամունքի ատեն յիշենք թէ մէկը մեզի հանդէպ հակառակութիւն ունի, հարկ է որ թողունք մեր պաշտամունքը կիսատ եւ նախ երթանք հաշտուելու մեր եղբօր հետ։ Աստուած աւելի կը գնահատէ մեր եղբայրսիրութեան գործը, քան երկար աղօթքները, ծոմերը կամ մատուցուած զոհերը։

Իր խօսքի վերջաւորութեան` Յիսուս կը հրաւիրէ աշակերտները ուշադրութիւն ընելու իրենց ընթացքին վրայ եւ երբեք չնմանելու փարիսեցիներուն ու դպիրներուն, որոնք կը սիրեն երեւնալ ժողովուրդին առջեւ որպէս օրինապահ եւ բարեպաշտ անձեր, սակայն իրենց դրած օրէնքներուն առաջին օրինազանցները իրենք կ՛ըլլան. Ծանր պարտականութիւններ կը դնեն մարդոց վրայ, սակայն իրենք երբեք չեն ուզեր կատարել ամէնէն չնչինն իսկ այդ պարտականութիւններուն։

Այսօրուայ կղերականներուն ուղղուած է այս խօսքը. Անոնք յաճախ մարմաջն ունին դատելու ու դատապարտելու իրենց հաւատացեալները, մինչ իրենք կ՛իյնան նոյն սխալներուն մէջ։ Քանի տեղեր, եկեղեցականներ գէշ օրինակ կու տան իրենց դրամասիրութեամբ, սանձարձակ կեանքով, բայց մանաւանդ իրարու դէմ թշնամական վերաբերմունքով։ Սիրելի հաւատացեալ, միշտ նկատի առնելու ես Քրիստոսի խրատը. Ըրէք եւ պահեցէք ինչ որ ձեզի կը հրահանգեն, բայց մի կերպաւորուիք անոնց գործերուն համաձայն, այսինքն մի հետեւիք իրենց օրինակին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.