2016-03-11 07:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 տարուայ քահանայապետութիւնը թիւերով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 13 Մարտ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ամբողջացնէ Քահանայապետութեան երրորդ դարին որոնց ընթացքին Ան  աւելի քան 800 ճառ եւ քարոզներ արտասանած է, գլխաւորելով 382 հրապարակային պատարագ եւ 124 ընդհանուր ունկնդրութիւն ինչպէս նաեւ 168 կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։

13 Մարտ 2013էն 8 մարտ 2016, երեք տարիներուն ընթացքին, բացի ժողովրդապետութիւններու կատարած 15 այցելութիւններէն, ֆրանչիսկոս Պապ 11 այցելութիւններ կատարած է նաեւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն.

Երեք տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ  իտալիայէն դուրս 12 առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններ կատարեց։ Սոյն ճամբորդութիւնները միասին համադրելով անոնք կը համապատասխանեն երկու ամիս տեւող ճամբորդութեան եւ 152 հազար քիլոմեթր թռիչքի` չորս անգամ երկրագունդին շրջանը։

Ան արտասանած է 628 ճառեր և 180 քարոզներ ու հրապարակած է 153 պատգամներ։ Բացի ''Ողորմութեան Յոբելեանի'' հռչակագիրէն Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակած է երկու շրջաբերական թուղթեր "Lumen Fidei - հաւատքի լոյս'' եւ "Laudato si - Գովեալ Ըլլաս'' գովաբան ական օրհնագիր մը բնութեան պահպանումին ի խնդիր, ինչպէս նաեւ առաքելական յորդորագիր մը` "Evangelii Gaudium - Աւետարանի ուրախութիւն'' վերտառութեամբ։ Նոյնպէս բացի 15 առաքելական սահմանադրութեան հայող ինքնագիր նամակներէն ուղղած է 101 թուղթեր եւ 29 առաքելական նամակներ։  ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակած է նաեւ կոնդակ մը եւ յօրինած 20 աղօթքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.