2016-03-11 10:59:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 11 Մարտ 2016-ի առաւօտեան, ''Մարիամ ըսաւ հրեշտակին ''Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա'' (Ղուկ. 1,34) նիւթին մասին,  Հայր Էրմես Ռոնքիի` ներկայացուցած  խորհրդածութեամբ վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ անոր համագործակիցներուն` Վատիկանի Վերին իշխանութեան անդամներուն քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ Կիրակի 6 Մարտի երեկոյեան Արիչչայի ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' կեդրոնին մէջ։ 

Վերջին խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' կեդրոնէն իր համագործակիցներուն հետ միասին վերադարձաւ Վատիկան ուր վաղուընէ` Շաբաթ 12 մարտէն սկսեալ, կը վերսկսի իր հրապարակային գործունէութիւնները Յոբելենական Մարտ ամսուայ հրապարակային ունկնդրութեամբ։ Մինչ Կիրակի 13 Մարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛ամբողջացնէ իր Քահանայապետութեան երրորդ տարեդարձը։

Յայտնենք թէ  11 Մարտին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսեան Միաբանութեան անդամակցութեան 58-րդ տարեդարձը։ Եորկէ Մարիա Պերկոլիոն Յիսուսեան Միաբանակից դարձած է 11 Մարտ 1958-ին եւ Քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած է 13 դեկտեմբեր 1969-ին մինչ մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 22 Ապրիլ 1973-ին։

Ուրբաթ` 11 Մարտի առաւօտեան Վատիկանի` Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ քառասնորդացի չորրորդ խորհրդածութիւնը, զոր ներկայացուց Քահանայապետական տան քարոզիչը հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ այս տարուայ որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է ''Վատիկանեան Տիեզետական Բ Ժողովը. Յիսուն տարներ ետք։ Հոգեւոր տեսանկիւնէն վերատեսութիւն մը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.