2016-03-11 09:03:00

Սուրիոյ մէջ աւելի քան 250 հազար մանուկներ ամէն բանէ զուրկ են։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ շրջապատուած քաղաքներու մէջ ապրող մանուկները ամէն բանէ զրկուած են սկսեալ սնունդէն, խնամատարութենէն­, դպրոցէն ﹒﹒﹒և 8 տարեկանին ենթակայ են զինակոչի'' կը կարդանք մանկութեան պաշտպան կազմակերպութեան տեղեկագիրին մէջ։

Կազմակերպութիւնը կը յայտնէ որ զոհերուն 46 տոկոսը մանուկներ են։ Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ ուղղէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի կարելի դարձնէ եւ ապահովէ մանուկներուն ի սպաս օգնութիւնները ու վերջ դրուի դպրոցներու ու հիւանդանոցներու ռմբակոծումներուն։

Michele Prosperi նախագահը Իտալիոյ ՄԱԿի մանկական ֆոնտին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ որ մանուկները ամենէն աւելի զոհ են Սուրիոյ տագնապին։ Անոնք դժուար պայմաններու մէջ կը մեծնան, անոնցմէ շատերը սովէն կը մեռնին։ Մեր կոչին մէջ կը պահանջենք որ մանուկները սնունդ ունենան, կարելիութիւնը ունենան  դպրոց յաճախելու եւ խնամուելու եւ ոչ թէ զինակոչի ենթարկուելու։ Մեր աշխատանքը կը կայանայ օգնութեան հասնիլու մէջ այդ մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն որպէսզի կարելիութիւն ունենան վերապրելու։ Գիտակից ենք որ նման պայմաններու մէջ մանուկները ենթակայ են բռնութեան եւ չարաշահումի, ուստի միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է արագօրէն շարժելու` դժոխքէն ու մահէն փրկելու համար մանուկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.