2016-03-11 08:40:00

Սթիվըն Հոքինկի աշխարհայեացքը ձեւաւորած է իր Հայ ուսուցիչը


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հանրաճանաչ բրիտանացի տիեզերաբան եւ բնագէտ Սթիվըն Հոքինկ խօսած է այն մարդուն մասին, որուն շնորհիւ իրեն մէջ սէր արթնցած է գիտութեան հանդէպ: Հոքինկ հայկական ծագումով իր ուսողութեան ուսուցիչին՝ Տիգրան Թահթայի մասին պատմած է «Global Teacher Prize» կայքով հրապարակուած իր ուղերձին մէջ, նոյնանուն մրցանակաբաշխութեան առիթով։

Ռուսական «Լենթրա» կայքին համաձայն՝ Հոքինկ գրած է. «Շնորհիւ պարոն Թահթայի, ես դարձայ Քէյմպրիճի համալսարանի ուսողութեան փրոֆեսէօր, այսինքն՝ պաշտօն մը, զոր ժամանակին Այզըք Նիութընը ստանձնած էր: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին կը փորձեմ բացայայտել տիեզերքի գաղտնիքները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ կարեւոր իրագործումի մը կրնայ հասնիլ իր կեանքին ընթացքին, իսկ անոր մենք կրնանք հասնիլ մեր ուսուցիչներուն շնորհիւ»։

Տիգրան Թահթա Հոքինկի ուսուցիչը եղած է Անգլիոյ Հարթֆորտշիր քաղաքի Սէյնթ Ալպանզ վարժարանին մէջ եւ օժանդակած է յատկապէս Հոքինկի առաջին համակարգիչը պատրաստելու աշխատանքին:

Տիգրան Թահթա, որ ծնած է 1928ի Օգոստոս 7ին, զաւակն է հայ ընտանիքի մը, որ Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը հասած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք: Ան մկրտուած է Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր հայկական դաստիարակութիւնն ու կրօնքի ազդեցութիւնը նկատելի են իր գիրքերուն մէջ։

Ատոմ Էկոյեանի բեմադրած «Արարատ» ֆիլմի ազդեցութեան տակ Թահթայի հեղինակած «Արարատի Զուգորդութիւններ» հատորին մէջ, հեղինակը գրած է Արարատ լերան շնորհիւ իրեն մէջ յառաջացած բազմաթիւ զուգորդութիւններուն եւ յուշերուն մասին։

Տիգրան Թահթա նաեւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ եւ պատրաստած է ուսողութեան դասաւանդման նորարարական նիւթեր։ Թահթա, որ հեղինակ է 5 հատորներու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու, մահացած է 2006ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.