2016-03-11 08:00:00

Ուքրանացի օրթոտոքսները ներում կը հայցեն Յոյն կաթողիկէ եկեղեցիէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Օրթոտոքս աշխարհէն աւելի քան 20 անձնաւորութիւններ ստորագրած են ներողութեան գիր մը  որով անոնք ներողութիւն կը հայցեն Ուկրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցիէն անցեալին անոնց դէմ կիրակուած անարդարութիւններուն համար։

Ներողութեան բազմալեզու գիրին մէջ կը կարդանք. ''խոնարհաբար ներողութիւն կը խնդրենք ձեր եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած բոլոր անարդարութիւններուն համար ու կը խոնարհինք Ուկրանիոյ յոյն կաթողիկէ նահատակներուն առջեւ''։

Ներողութեան վաւերաթուղթը լոյս տեսաւ անցեալ 8 մարտ 2016-ին։

ֆրանչիսկոս Պապը 6 Մարտին ուղղած պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ոսքրանական յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ` ի տես անոր հաւատարմութեան ու անոր ախախտ միութեան Ս. Պետրոսի յաջորդին հետ։ Նախապէս Սրբազան Հայրը ընդունած էր  եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսի հայրերը եւ այդ առթիւ  յայտնած էր իր յարգանքը ու խոր երախտագիտութիւնը` բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան հարստահարումի եւ նոյնիսկ նահատակութեան, վկայելով իրենց հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.